Եւ վե­րապ­րող­ներս եղանք ՍՓԻՒՌՔ:
Յի­շենք, որ նախ­կին Օս­ման­եան Կայս­րու­թե­նէն միայն Կ. Պո­լի­սը մնաց իբ­րեւ սփիւռ­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն գա­ղութ­նե­րէն մէ­կը: Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի, Եւ­րո­պա­յի եւ Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու մէջ արեւմ­տա­հա­յութ­եան հա­մար մինչ այդ, մի­ա­բա­նա­կան կեդ­րոն­նե­րը չհաշ­ուած, կա­յին մշա­կու­թա­յին հար­թակ­ներ՝ յատ­կա­պէս Եգիպ­տոս, Պոս­թոն ու Նիւ-Եորք, Փա­րիզ, որոնք այս­պէս թէ այն­պէս դեր մը ու­նե­ցան նո­րեկ­նե­րը գրա­կան ան­դաս­տան առաջ­նոր­դե­լու տե­սա­կէ­տէն: Գրա­կան աշ­խոյժ շար­ժում մը սկիզբ առաւ: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, ապա Ֆրան­սա­յի մէջ իր հայ­րե­նի­քը կորսն­ցու­ցած մար­դու նե­րաշ­խար­հը եւ օտա­րու­թեան մէջ իր տեղն ու ինք­նու­թիւնը փնտ­ռող հայ մար­դու առօր­եան գե­ղար­ուես­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­ցաւ, ու մենք առա­ջին հեր­թին ճանչ­ցանք սփիւռ­քա­հայ կամ գաղ­թա­հայ գրա­կա­նու­թեան ամե­րի­կա­հայ եւ ֆրան­սա­հայ հատ­ուած­նե­րը:
Ար­դար պի­տի չըլ­լար ամի­րի­կա­հայ գրա­կա­նու­թիւն պի­տա­կու­մին տակ զե­տե­ղել միայն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը. պէտք չէ մոռ­նալ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի ու յատ­կա­պէս Ար­ժան­թի­նի բե­րած նպաս­տը սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան, իսկ Եւ­րո­պա­յի մէջ Ֆրան­սա­յի կող­քին մա­նա­ւանդ Պալ­քան­եան եր­կիր­նե­րու մէջ շա­րու­նա­կուող գրա­կան աւան­դոյթ­նե­րը:
Բայց մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն ընե­լու պա­րա­գայ մըն է այն իրո­ղու­թիւնը, որ Սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նութ­եան ամե­րի­կա­հայ եւ ֆրան­սա­հայ հատ­ուած­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ոչ մէ­կը Ֆրան­սա­յի կամ Ամե­րի­կա­յի ծնունդ է, ոչ մէ­կը ֆրան­սա­հայ եւ ամե­րի­կա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն (հա­տու­կենտ) եկող գրիչ մըն է: Ամե­րի­կա­յի պա­րա­գա­յին բո­լորն ալ գա­ւա­ռէն կու գան, գա­ւա­ռի դպ­րոց յա­ճա­խած կամ Պոլ­սոյ մէկ դպ­րո­ցէն ան­ցած, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ Յով­հան­նէս Թլ­կան­տինցիի գրա­կան հան­գա­նակ­նե­րը իրենց հետ գաղ­թա­կան բե­րած գրող­ներ են (Հա­մաս­տեղ՝ Փեր­չէնճ – Մե­զի­րէ, Վա­հէ Հայկ՝ Խար­բերդ, Բեն­ի­ա­մին Նու­րիկ­եան՝ Հիւ­սէյ­նիկ – Խար­բերդ, Արամ Հայ­կազ՝ Շա­պին Գա­րա­հի­սար – Կ. Պո­լիս, Անդ­րա­նիկ Անդ­ըր­է­աս­եան՝ Չմշ­կա­ծագ – որ­բա­նոց­ներ): Իրենց ստեղ­ծած գրա­կա­նու­թիւնն ալ ամե­րի­կա­հայ իրա­կա­նու­թե­նէն շատ աւե­լի՝ յի­շո­ղու­թեան ու կա­րօ­տի հա­յելի­ով անց­եա­լի մաք­րաջ­րու­մը եղաւ՝ «Եր­նէկ Այն Օրե­րուն»:
Ֆրան­սա­յի պա­րա­գա­յին գրա­կան մշակ­նե­րը մե­ծա­մաս­նա­բար Պո­լի­սէն կամ արեւմտ­եան շր­ջան­նե­րէ կու գա­յին, արեւմ­տա­հայ դպ­րո­ցի մէջ հիմ­նա­ւոր հայ­կա­կան կր­թութ­եան տէր էին, արեւմ­տա­հայ ար­ուես­տա­գէտ սե­րուն­դի գրա­կան հան­գա­նակ­նե­րը կրող­ներ ու ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան լա­ւա­գոյն ար­ժէք­նե­րուն մր­ցա­կից: Իրենց նե­րաշ­խար­հը կը կազ­մէր այ­սօր­ուան հա­յը այս նոր եւ ու­ծաց­նող մի­ջա­վայ­րին մէջ ու քիչ մըն ալ հին աշ­խար­հը (Շա­հան Շահ­նուր՝ «Պճեղ Մը Անոյշ Սիրտ», Շա­ւարշ Նար­դու­նի՝ «Հաւ Մը Կ’եր­գէր» …):
Այդ սե­րուն­դը ան­ցաւ ու կը թուէր, որ ամե­րի­կա­հայ եւ ֆրան­սա­հայ գրա­կան շր­ջա­նակ­ներն ալ ան­ցան: Շահ­նու­րի խօս­քը յի­շենք. «Իսկ մե՞նք, կը վճա­րենք իբ­րեւ վեր­ջին փր­կա­գին այն, որ պի­տի գայ: Իբ­րեւ վեր­ջին փր­կա­գին՝ մա­նուկ­ներ, որոնք կր­նա­յին մեծ­նալ. ապա­գա­յի սե­րունդ­ներ, որոնք մեզ­մէ վերջ պի­տի գա­յին: Որով­հե­տեւ այն, որ պի­տի գայ, պի­տի ըլ­լայ օտար, բա­նիւ եւ գոր­ծով, կա­մայ եւ ակա­մայ, գի­տու­թեամբ եւ ան­գի­տու­թեամբ, մե­ղա՜յ, մե­ղա՜յ Արա­րա­տին»:
Այ­սու­հան­դերձ՝ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ամե­րի­կա­հայ եւ ֆրան­սա­հայ հատ­ուած­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին գո­յու­թիւն ու­նե­նալ, սա­կայն դարձ­եալ՝ գրա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ոչ մէ­կը Ֆրան­սա­յի կամ Ամե­րի­կա­յի ծնունդ էր: Երկ­րէն եկող սե­րունդ չմ­նաց, նախ­կին­նե­րու զա­ւակ­նե­րը իրենց հայ­րե­րուն հա­յա­լե­զու գրա­կա­նու­թեան ար­դէն ան­հա­ղորդ կը մնա­յին, բայց Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, Ար­ժան­թին եւ Քա­նա­տա նո­րեր եկան կան­գուն պա­հե­լու հա­մար հի­նէն մնա­ցած մա­մուլն ու գրա­կան մթ­նո­լոր­տը: Եկուոր­նե­րը բո­լորն ալ ՄԵՐ­ՁԱ­ՒՈՐ ԱՐԵ­ՒԵԼ­Քէն էին, Երու­սա­ղէ­մի, Եգիպ­տո­սի, Իրա­քի, Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի, Պարս­կաս­տա­նի դպ­րոց­նե­րէն, Կիպ­րո­սէն ու Կ. Պո­լի­սէն (Պետ­րոս Հաճ­եան, Զա­րեհ Մել­քոն­եան, Յա­կոբ Կա­րա­պենց, Նու­պար Ակիշ­եան, Հրանդ Մար­գար­եան… եւ յա­ջորդ­նե­րէն՝ Վե­հա­նոյշ Թեք­եան, Յա­րու­թիւն Պէր­պէր­եան, Գէ­որգ Պե­տիկ­եան եւ շա­տեր, բո­լոր խմ­բա­գիր­նե­րը): Նոյ­նը կա­րե­լի է հաս­տա­տել Ֆրան­սա­յի պա­րա­գա­յին (Զու­լալ Գա­զանճ­եան, Յա­կոբ Պալ­եան, Մով­սէս Պչաքճ­եան, Գրի­գոր Պլըտ­եան…):
Առա­ջին սե­րուն­դին հետ ու ան­կէ ետք նոր երե­ւոյթ մը պարզ­ուե­ցաւ սփիւռ­քի մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ՝ օտա­րա­գիր հայ հե­ղի­նակ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը. անգլ­ի­ա­գիր, ֆրան­սա­գիր ու սպա­նա­գիր հայ հե­ղի­նակ­ներ հռ­չակ ձեռք բե­րին, ինչ­պէս Ուիլիըմ Սա­րոյ­եան, Մայքլ Ար­լէն, Զա­ւէն Լե­ւոն Սիւր­մէլ­եան, Ար­մէն Լիւ­պէն (Շա­հան Շահ­նուր), Ար­թիւր Ադա­մով, Վա­հէ Քա­չա, Ալիս­իա Կի­րա­կոս­եան…: Իր շարք մը յատ­կա­նիշ­նե­րով՝ կա­րե­լի է բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տել օտա­րա­գիր գրա­կա­նու­թիւնը, բայց եր­բեք կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ, որ ան սփիւռ­քա­հայ կամ առ­հա­սա­րակ հայ գրա­կա­նու­թեան մաս կը կազ­մէ: Ան կը պատ­կա­նի ամե­րիկ­եան, ար­ժան­թին­եան ու ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան: Ու աւե­լի վտան­գա­ւոր է այն երե­ւոյ­թը, որ մեր զանգ­ուած­նե­րուն մէջ հետզ­հե­տէ կ’ար­մա­տա­ւոր­ուի այն ըմբռ­նու­մը, որ առանց մայ­րե­նի ու ազ­գա­յին լեզ­ուի ալ կա­րե­լի է հայ մնալ…: Այս ըմբռ­նու­մը կը կա­ցի­նա­հա­րէ ու կը տա­պա­լէ մեր ազ­գա­յին ամէ­նէն հիմ­նա­ւոր ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող լեզ­ուա­կան բա­ղադ­րի­չը ու կը տկա­րաց­նէ մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ սե­րունդ­նե­րուն լեզ­ուի հան­դէպ ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կամ­քը:
1960-ական­նե­րէն սկս­եալ դպ­րո­ցա­շի­նա­կան հս­կայ աշ­խա­տան­քի մը ակա­նա­տես կը դառ­նանք: Ար­ժան­թի­նի մէջ կը վե­րա­կազմ­ուին նախ­կին բո­լոր դպ­րոց­նե­րը, Ամե­րի­կա­յի Լոս Ան­ճե­լոս, Սան Ֆրան­սիս­քօ, Ֆրեզ­նօ, Տիթ­րոյթ, Նիւ Ճր­սի, Պոս­թոն, Քա­նա­տա­յի Օն­թարիօ եւ Մոն­ր­է­ալ քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը հիմն­ուին ամէ­նօր­եայ վա­ժա­րան­ներ ու հոս ու հոն՝ մի­օր­եայ վար­ժա­րան­ներ, հա­րիւ­րա­ւոր: Երե­ւոյ­թը իս­կա­պէս ոգե­ւո­րիչ էր: Դպ­րոց­նե­րու նկատ­մամբ խս­տա­պա­հան­ջու­թիւնը զգա­լի կեր­պով աւել­ցաւ նա­եւ Ֆրան­սա­յի մէջ: Նոյ­նը կը շա­րու­նակ­ուի տա­կա­ւին: Սա­կայն անց­նող տաս­նամ­եակ­նե­րը ցոյց տուին, որ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան հա­մար ամե­րի­կա­հայ եւ ֆրան­սա­կայ դպ­րո­ցը սնու­ցիչ չկր­ցաւ ըլ­լալ. նուա­զա­գոյ­նը՝ հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թիւնը պահ­պա­նեց, բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին՝ հայ գի­րի ու գիր­քի հետ աղերս մը: Աւե­լի քան կէս դա­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէ անց­նե­լով հան­դերձ հայ դպ­րո­ցը հայ նոր գրող­նե­րու մկր­տա­րա­նը ըլ­լալ չկր­ցաւ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ անգ­լե­րէ­նը, ֆրան­սե­րէնն ու սպա­նե­րէ­նը գե­րա­մե­ծար ներ­կա­յու­թեամբ մտան մեր հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ գրա­կան կեան­քին մէջ:
Եւ ասի­կա դառ­նա­գոյն ճշ­մար­տու­թիւնն է: Բան մը, որ յու­սալ­քու­մի կը տա­նի ու ամէ­նէն վտան­գա­ւո­րը՝ հայ դպ­րո­ցին նկատ­մամբ մեր հա­ւատ­քի խախ­տու­մին եւ ան­կէ երես դարձ­նե­լուն կը տա­նի:
Ամե­րի­կա­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի մեր դպ­րոց­նե­րը լր­ջա­գոյն փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պէտք ու­նին:
(շա­րու­նա­կե­լի)
Յակոբ  Չոլաքեան