Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասատ սահ­մա­նադ­րա­կան իր երդ­ման արա­րո­ղու­թե­նէն ետք ար­տա­սա­նած ճա­ռին մէջ ուր­ուագ­ծեց յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րու երկ­րի քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։

Նա­խա­գա­հը ահա­բեկ­չա­կան պա­տե­րազ­մէն դուրս գա­լու կա­րե­ւոր ազ­դակ­ներ հա­մա­րեց ժո­ղո­վուր­դին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնն ու սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան կա­յուն պահ­պա­նու­մը, դի­տել տա­լով որ յե­ղա­փո­խու­թեան պատր­ուա­կով պե­տու­թիւն­ներ քայ­քա­յե­լու կարգ մը մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ծրա­գիր­նե­րը յս­տակ էին։ Անոնք նախ ջա­նա­ցին սար­սա­փի մատ­նել ժո­ղո­վուր­դը ահա­բեկ­չու­թեամբ, անոր մէջ վա­խի եւ անինք­նավս­տա­հու­թեան սեր­մե­րը ցա­նել, որ­պէս­զի դիւ­րաւ զի­ջի իր իրա­ւունք­նե­րէն եւ պայ­քա­րի­լը ան­հե­թե­թու­թիւն հա­մա­րէ։

Մինչ­դեռ պայ­քա­րող ժո­ղո­վուրդ­ներն են, որոնք համ­բե­րու­թեամբ եւ նպա­տա­կաս­լաց ծրա­գիր­նե­րով կը յա­ջո­ղին տի­րու­թիւն ընել իրենց երկ­րին, հո­ղին ու ժա­ռան­գու­թեան։
Նա­խա­գա­հը այ­նու­հե­տեւ շեշ­տեց, որ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը պահ­պա­նեց իր պայ­քա­րե­լու վճ­ռա­կա­մու­թիւնը, եւ ողջ աշ­խար­հին պար­զեց սահ­մա­նադ­րա­կան իր իրա­ւունք­նե­րուն եւ երկ­րին տէր կանգ­նե­լու, իր ճա­կա­տագ­րին բնո­րո­շու­մը ու­րի­շին չյանձ­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնը՝ կրե­լով մէկ­տեղ բա­զում զր­կանք­ներ։

Նա­խա­գա­հը քա­ղա­քա­կան առու­մով կա­րե­ւոր հա­մա­րեց թր­քա­կան եւ ամե­րիկ­եան բռ­նագ­րաւ­իչ ու­ժե­րուն երկ­րէն դուրս գա­լը, որուն իրա­կա­նա­ցու­մով միայն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տումն ու տն­տե­սա­կան բար­գա­ւա­ճու­մը։
Նա­խա­գա­հը Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան իրա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման հա­մար էա­կան հա­մա­րեց տար­բեր ոլորտ­նե­րու մէջ, յատ­կա­պէս այ­լընտ­րան­քա­յին ջեր­մու­ժի առն­չուող, շա­հարկ­ման ծրա­գիր­նե­րու թափ տա­լը այս փու­լին։ Պաշ­շար ալ Ասատ յայտ­նեց նա­եւ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն հարկ է յա­ռաջ տա­նիլ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ոլոր­տը եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւնը, որոնք պի­տի կա­րե­նան Սուր­իոյ տն­տե­սու­թիւնը ներ­կայ վի­ճա­կէն դուրս բե­րել, նե­րած­ման տո­կոս­նե­րը նուա­զեց­նել եւ ժո­ղո­վուր­դին կա­րիք­նե­րը ապա­հո­վել։

Իրա­կա­նու­թեան մէջ, տն­տե­սա­պէս պա­շար­ուած երկ­րի մը հա­մար էա­կան է տն­տե­սա­կան, ներ­քին իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը զար­գաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, եթէ կա­րե­լի ըլ­լայ լուրջ ծրա­գիր­ներ մշա­կել այս ուղ­ղութ­եամբ եւ աշ­խա­տու­ժին հա­մար գոր­ծի կա­րե­լիու­թիւն­ներ ապա­հո­վել, յատ­կա­պէս ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն եւ վա­ռե­լա­նիւթ։ Այս առու­մով նա­խա­գա­հին ընդգ­ծու­մը տե­ղին էր՝ տն­տե­սու­թեան անիւը դառ­նա­լու հա­մար նախ անհ­րա­ժեշտ է այ­լընտ­րան­քա­յին ջեր­մու­ժի ապա­հով­ման մի­ջոց­նե­րը զար­գաց­նել եւ սուր­ի­ա­կան լի­րա­յին կա­յու­նու­թիւնը պահ­պա­նել։ Հա­ւա­նա­բար այս ուղ­ղու­թեամբ առա­ջին քայ­լը իր երդմ­նա­կա­լու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք Չի­նաս­տա­նի պատ­ուի­րա­կու­թեան հետ հան­դի­պումն ու այ­լընտ­րան­քա­յին ջեր­մու­ժի ապա­հով­ման հա­մա­ձայ­նու­թիւնն էր։

Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը որ­պէս յաղ­թող երկ­րի ղե­կա­վար ելոյթ կ’ու­նե­նար եւ յս­տա­կօ­րէն կը շեշ­տէր ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը՝ պե­տու­թեան հիմ­քե­րը ամուր պա­հե­լու եւ հո­ղա­յին ինք­նիշ­խա­նու­թիւնը հաս­տա­տե­լու հա­մար։ Նա­խա­գա­հը կը մեր­ժէր բռ­նագ­րաւ­իչ որե­ւէ ու­ժի ներ­կա­յու­թիւնը սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն վրայ, յատ­կա­պէս թր­քա­կան բռ­նագ­րաւ­իչ ու­ժե­րը դա­տա­պար­տե­լով։ Մի­եւ­նոյն ատեն նա­խա­գա­հը վեր կ’առ­նէր արա­բա­կան դի­մա­գի­ծի պահ­պա­նու­մը, արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մի­աս­նա­կան շա­հե­րու շեշ­տադ­րու­մը կը կա­տա­րէր ու նշա­ձո­ղը ուղ­ղե­լով արա­բա­կան դա­տին, կ’ընդգ­ծէր Պա­ղես­տի­նի հար­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւնը արա­բա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մընդ­հա­նուր շր­ջա­գի­ծէն ներս։

Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին ճա­ռէն կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տն­տե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու յաղ­թա­հա­րու­մը իրա­ւացի­օ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րեն հե­տեւ­եալ կա­րե­ւոր տու­եալ­նե­րով՝ երկ­րի տն­տե­սու­թեան վե­րա­կանգ­նում, ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապն­դում, փտա­ծու­թեան ծրագր­եալ վե­րա­ցում, Սուր­իոյ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պա­նում, Սուր­իոյ սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րամ­շակ­ման մէջ ժո­ղո­վուր­դի եւ ոչ թէ օտար ու­ժե­րու կամ­քի դր­սե­ւո­րում, բռ­նագ­րաւ­իչ ու­ժե­րու վա­նում եւ այս ամէ­նուն իրա­կա­նաց­ման հա­մար յոյ­սով տո­գոր­ուած աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կում։
Գործն է ինչ­պէս մար­դուն, նոյն­պէս ալ սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան հա­յե­լին ու մի­ակ երաշ­խի­քը՝ դի­մա­նա­լու տն­տե­սա­կան պա­շար­ման ծանր լու­ծին տակ ու քայլ առ քայլ եր­կի­րը դուրս բե­րե­լու շր­ջա­փակ­ման ազ­դե­ցու­թե­նէն։

Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րը կը նա­խա­տես­ուին ըլ­լալ գոր­ծով եւ տն­տե­սա­կան փոքր թէ մեծ ծրա­գիր­նե­րով բնո­րո­շուող տա­րի­ներ։ Այս բո­լո­րին կող­քին ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար տես­նել շու­կա­նե­րու կա­ռա­վար­ման եւ գի­նե­րու հս­կո­ղու­թեան մե­քա­նիզմ­նե­րու բա­նե­ցու­մը՝ առաջ­քը առ­նե­լու սղա­ճի նոր ալիք­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ օդա­կա­յան­նե­րու եւ ցա­մա­քա­յին թէ ծո­վա­յին եր­թե­ւե­կու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը՝ եր­կի­րը դուրս բե­րե­լու պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու մե­կու­սա­ցու­մէն եւ աշ­խու­ժաց­նե­լու զբօ­սաշր­ջու­թիւնն ու առեւ­տու­րը։