«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը 23 Յուլիսին, Երեւանի ժամով ժամը 17:00-ին կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի բաժինին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերուն վրայ: Անոր նախորդած են կրակոցներ իրենց` ատրպէյճանական մարտական յենակէտերուն մէջ, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ատրպէյճանցի զինուորականներուն միջեւ տեղի ունեցած` անձնական բնոյթ կրող դէպքերով։ Այս մասին կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ յիշած է, թէ հայկական կողմի բացած կրակէն վերջ ատրպէյճանցի զինուորական մը զոհուած է: ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հայկական կողմը հակազդող գործողութիւններու չէ դիմած մինչեւ որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժեր կրակ բացած են հայ դիրքապահներուն վրայ: «Ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքին հետեւանքով սկսած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հրազէնային թեթեւ վիրաւորում ստացած է ՀՀ Զինեալ ՈՒժերու 3 զինուորական ծառայող: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Աղբիւրին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն հերթական սադրանքը: Իրադրութեան սրումին ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։