Սե­ւան Քե­լէշ­եան ծնած է Հա­լէպ: Յա­ճա­խած է Կի­լիկ­եան վար­ժա­րան, աւար­տե­լէ ետք ըն­դուն­ուած է տն­տե­սա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րան: Եր­կու տա­րի յա­ճա­խած է Հա­լէ­պի Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան քա­ռամ­եայ հիմ­նար­կը, ապա հե­ռա­կայ կար­գով հե­տե­ւած է Հա­յաս­տա­նի «Խա­չա­տուր Աբով­եան»ի ան­ուան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Նա­խադպ­րո­ցա­կան ման­կա­վար­ժու­թիւն եւ հո­գե­բա­նու­թիւն» բա­ժի­նի դա­սա­ւան­դու­թեան: Վեր­ջինս աւար­տե­լէ ետք ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի լրագ­րա­կան բա­ժի­նէն ներս (masters):
Սե­ւա­նը այ­սօր իր «Հա­մե­մուն­քով հայ» Ֆիլ­մով հան­դէս կու գայ որ­պէս երի­տա­սարդ հե­ղի­նակ, բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան:
«Գան­ձա­սար»ը, քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նա­լով երի­տա­սարդ մտ­քե­րու, հար­ցազ­րոյց ու­նե­ցաւ «Հա­մե­մուն­քով Հայ» Ֆիլ­մի նա­խա­ձեռ­նող, ար­տադ­րող, բե­մագ­րող (սենա­րիստ) եւ գլ­խա­ւոր դե­րա­սան Սե­ւան Քե­լէշ­եա­նին հետ:
Սե­ւա­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ ֆիլ­մը նկար­ուած է «Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան» հիմ­նար­կու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Ֆիլ­մին մէջ կը մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան շր­ջան­նե­րէ նա­եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ հա­յեր, ինչ­պէս՝ Սուր­իա­յէն, Լի­բա­նա­նէն, Պո­լի­սէն, Քա­նա­տա­յէն, Պարս­կաս­տա­նէն, Ամե­րի­կա­յէն, Ֆրան­սա­յէն, Ափ­րի­կէ­էն, Համ­շէ­նէն, Թիֆ­լի­սէն, Գա­ւա­ռէն, Գիւմրի­էն, Ար­ցա­խէն եւ Լոռի­էն: Յիշ­եալ շր­ջան­նե­րէն եկած իւ­րա­քան­չիւր հայ ֆիլ­մին մէջ կը ներ­կա­յա­նայ իր բար­բա­ռով ու մշա­կոյ­թով եւ այս մէ­կը ֆիլ­մի ամե­նա­կա­րե­ւոր առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հա­մա­րէ Սե­ւա­նը, հաս­տա­տե­լով, որ այս ձե­ւը որ­դեգ­րած է նպա­տակ ու­նե­նա­լով հե­ռու մնալ շին­ծու կրկ­նօ­րի­նա­կու­թե­նէ:
Սե­ւա­նը ընդգ­ծեց, որ ֆիլ­մին մէջ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած է աշ­խար­հահռ­չակ հայ երա­ժիշտ ու եր­գիչ Ար­թօ Թունչ­պո­յաճ­եան: Ար­թօն ոգեշնչ­ուե­լով տի­րող  մշա­կու­թա­խառն մթ­նո­լոր­տէն եւ զգա­լով հա­յե­րու մի­ջեւ առ­կայ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու համն ու հո­տը` ֆիլ­մի նիւ­թին առն­չուող երգ ստեղ­ծած է, որ հն­չած է ֆիլ­մին մէջ իր մաս­նակ­ցու­թեամբ ու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ:
Սե­ւա­նը ամե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ պատ­մեց նկա­րա­հան­ման ըն­թաց­քին դի­մագ­րա­ւած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ընդգ­ծե­լով, որ այդ բո­լո­րը հի­մա հպար­տու­թեամբ կը յի­շէ: Ան պատ­մեց, որ Ֆիլ­մը նա­խա­տես­ուած էր նկա­րա­հա­նել ամ­րան շր­ջա­նին, սա­կայն հա­մա­ճա­րա­կի եւ անոր յա­ջոր­դող Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին պատ­ճառ­նե­րով նկա­րա­հա­նում­նե­րը յե­տաձգ­ուած են: Պա­տե­րազ­մի օրե­րուն քա­նի մը ան­գամ փո­խած է ֆիլ­մին բե­մագ­րու­թիւնը (սե­նա­րը): Ան տար­բեր հո­գե­վի­ճակ­ներ ապ­րած է, մէ­կը միւ­սը հա­կա­սող պա­րա­գան­ներ. անընդ­հատ ու­զած է փո­խել գրած խօս­քե­րը, սր­բել եւ նո­րը գրել: Անոր միտքն ու սիր­տը պայ­քա­րի մէջ եղած են պա­տա­հած է, որ տա­րի­նե­րու հա­մո­զում­նե­րէն բխած ու գրած խօս­քե­րուն դէմ ել­լէ, Սե­ւա­նին միտ­քե­րը հա­կա­սած են սիր­տին ձայ­նին… :
Սե­ւա­նը յայտ­նեց, որ այս բո­լո­րէն յե­տոյ դժ­ուար եղած է հո­գե­պէս պատ­րաստ ըլ­լալ նկա­րա­հան­ման, մին­չեւ իսկ նկա­րա­հան­ման օրը եղա­նա­կի տե­սու­թիւնը աշ­խա­տած է իրենց դէմ. չնա­խա­տես­ուած եղա­նա­կը դժ­ուա­րա­ցու­ցած է նկա­րա­հա­նու­մը, պայ­ծառ օրը փոխ­ուած է անձ­րե­ւոտ օրուան` կար­կուտ, անձ­րեւ, փո­թո­րիկ, սա­կայն հա­ւա­տա­լով, որ ֆիլ­մի գա­ղա­փա­րը ինք­նին ազ­գան­ուէր աշ­խա­տանք է, նա­եւ՝ պար­տա­կա­նու­թիւն յանձն առ­նելն ու ամ­բողջ անձ­նա­կազ­մը նկա­րա­հան­ման տա­նի­լը պար­տա­ւո­րեց­նող հան­գա­մանք է, վե­րագ­տած է իր ու­ժը: Սե­ւա­նը չէ յու­սալք­ուած, որով­հե­տեւ կը հա­ւա­տայ որ ֆիլ­մաշ­խարհ մուտք գոր­ծող լաւ մաս­նա­գէ­տը պար­տա­ւոր է տո­կալ ու դի­մա­կա­յել չնա­խա­տես­ուած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն…
Սե­ւա­նին մեր ուղ­ղած այն հար­ցու­մին թէ ի՞նչ է «Հա­մե­մուն­քով Հայ» ֆիլ­մին փո­խան­ցած պատ­գա­մը, ան պա­տաս­խա­նեց. «Հա­յաս­տան փո­խադր­ուե­լէս ի վեր տես­նե­լով հա­յե­րուս լեզ­ուի, բար­քե­րու ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը  եւ այդ տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն բխած ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուս նպա­տա­կա­կէ­տը դար­ձու­ցի տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րով եւ տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ ջա­նալ լու­ծել այս հար­ցը, այս տար­բե­րու­թիւն­նե­րը որ­պէս հարս­տու­թիւն եւ բազ­մա­զա­նու­թիւն ըն­դու­նիլ տա­լով»:
Այս ֆիլ­մը Սե­ւա­նին հե­ղի­նա­կա­յին «Ի՞նչ Կ’ըսեմ, Ի՞նչ Կ’ըսես» հա­ղոր­դա­շա­րին շա­րու­նա­կու­թիւնն է` տար­բեր ձե­ւա­չա­փով: Այս եր­կու հե­ղի­նա­կա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը վե­րեւ նշ­ուած նոյն պատ­գա­մը կը փո­խան­ցեն: «Հա­մե­մուն­քով Հայ» ֆիլ­մը «Ի՞նչ Կ’ըսեմ, Ի՞նչ Կ’ըսես»ը ընդ­լայ­նե­լով կը ձուլ­ուի բար­բառ­նե­րու աշ­խար­հին մէջ, կը հրամց­նէ բար­բառ­նե­րը իրենց առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով` ընդգ­ծե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին համն ու հո­տը:
Ֆիլ­մաշ­խար­հի այս առա­ջին փոր­ձէն ետք Սե­ւա­նը ի՞նչ կը մտա­ծէ, պի­տի կրկ­նէ՞ փոր­ձը, եթէ` այո՛, ինչ նիւ­թե­րով. «Թէ­եւ այս առա­ջին փորձն է, բայց առա­ջին ան­գա­մը չէ որ ջանք ու ճիգ թա­փե­լով հա­սած եմ իմ նպա­տա­կա­կէ­տին: Երբ ազ­գան­ուէր աշ­խա­տանք կ’ընես եւ կը հան­դի­պիս դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու շատ եր­կար չես մտա­ծեր, կը ճեղ­քես ճամ­բան ու կ’անց­նիս, չես նա­յիր ան­ցած քարք­րոտ ճա­նա­պար­հիդ, կը բարձ­րա­նաս ու յա­ջոր­դին մա­սին կը մտա­ծես: Հայ­րե­նա­սէր հե­տե­ւորդ­նե­րուս ու­րա­խու­թեամբ կ’ու­զեմ տե­ղե­կաց­նել, որ յա­ջորդ ֆիլ­մի բե­մագ­րու­թիւնը (սե­նա­րը) ար­դէն պատ­րաստ է, մնա­ցած է ապա­հո­վել նկա­րա­հան­ման ծախ­սե­րը ու գոր­ծի նետ­ուիլ: Յա­ջո­ղու­թիւն մե­զի եւ ու­րախ դի­տում ձե­զի` Հա­յաս­տա­նէն ներս եւ դուրս գտ­նուող, աշ­խար­հով սփռ­ուած հա­մե­մուն­քով հա­յեր»:
Սե­ւա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ֆիլ­մի աշ­խա­տա­կազ­մին, որուն ան­դամ­նե­րը ըմբռ­նու­մով մօ­տե­ցած են աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ մին­չեւ վերջ իր կող­քին կանգ­նած, նա­եւ բո­լոր անոնց, որոնք հասկ­ցած ու ըն­կա­լած են ֆիլ­մին նպա­տակն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը եւ մնա­ցած «Հա­մե­մուն­քով Հայ»ի հա­մե­մուն­քով հա­յե­րը:
«Գան­ձա­սար»