«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնեցին, որ 29 Յուլիսին, ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրկին կրակ  բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Ընթացած է կարճատեւ փոխհրաձգութիւն, հայ դիրքապահներու գործողութիւններէն վերջ հակառակորդի կրակը լռած է:

29 Յուլիսի սադրանքներուն հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ մէկ զինուորական ծառայող: