“Երկիր Մետիա”. «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները ներկայացուցին Ազգային Ժողովի նախագահի իրենց թեկնածուները. համապատասխանաբար «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Մխիթար Զաքարեանն ու Արթուր Սարգսեանը: Անոնք երկուքը այս պահուն կը շարունակեն ապօրինի կալանքի տակ մնալ: Համաձայն ԱԺ կանոնակարգին, ներկայացումէն եւ հարցուպատասխանէն վերջ, ելոյթի խօսքով պէտք է հանդէս գան ԱԺ նախագահի թեկնածուները: Նիստը վարողը չամբողջացուց այս պայմանը, զոր ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համարեցին անօրինական եւ դահլիճէն դուրս եկան: ԱԺ-ի նախագահի ընտրութիւնները Սահմանադրութեան ակնյայտ խախտումով կ’ընթանան։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան։ « Մխիթար Զաքարեան, Արթուր Սարգսեան չկրցան իրենց ծրագրային ելոյթը ներկայացնել, իրենց պատկերացումները ներկայացնել, հետեւաբար, ինքնին արդէն գործընթացը չի կրնար օրինական ըլլալ։ Կը կարծեմ, որ Սահմանադրութեան Դատարանի համապատասխան դիմում ներկայացնելու գործընթացին մէջ հետեւողական պիտի ըլլանք», ըսաւ Վարդեւանեան՝ աւելցնելով, որ ԱԺ-ի նախագահ ընտրելու մասին որոշումին պիտի յաջորդեն իրենց որոշ գործողութիւնները։ «Քաղաքացիական Պայմաանգիրը» ներկայացուց է ԱԺ-ի նախագահի իր թեկնածուն՝ Ալէն Սիմոնեանը։