«Արմէնփրէս».-Նախագահական նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ,3 Օգոստոսին տեղի ունեցած է սնանկութեան դատարանի դատաւորներ Սերինէ Խաչատրեանի, Լիանա Յարութիւնեանի, Նելլի Յարութիւնեանի եւ Լիլիթ Սաղոյեանի երդման արարողութիւնը: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նորանշանակ դատաւորները, մաղթած է յաջողութիւններ եւ յոյս յայտնած է, որ անոնք անբասիր պիտի կատարեն իրենց պարտականութիւնները: