Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ժո­ղո­վին 8-րդ գու­մար­ման առա­ջին նիստն իսկ ցոյց տուաւ, որ մեր երկ­րին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը հա­կա­նէ ան­ուա­նէ տա­պա­լած է:
Պա­տե­րազ­մէ դուրս եկած եւ յե­ղա­փո­խու­թեամբ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան հա­սած երկ­րի մը իշ­խա­նու­թե­նէն կ’ակն­կալ­ուէր հա­մախմ­բել իշ­խա­նա­կան եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը՝ գէթ երկ­րի ապա­հո­վու­թեան սպառ­նա­ցող հար­ցե­րուն շուրջ:
Իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը սա­կայն այլ բան ցոյց կու տան մին­չեւ այ­սօր:
Մար­զե­րու մէջ իշ­խա­նու­թեան հա­մա­խոհ­ներ չհա­մա­րուող մարզ­պետ­ներ կը ձեր­բա­կալ­ուին, ձեր­բա­կալ­ուած խորհր­դա­րա­նի  պատ­գա­մա­ւոր­ներ կը զրկ­ուին նիս­տին մաս­նակ­ցե­լու եւ ընտր­ուե­լու իրա­ւուն­քէ: Այլ առու­մով երկ­րի ապա­հո­վու­թեան եւ յետ­պա­տե­րազմ­եան հար­ցե­րու լուծ­ման շուրջ հա­մա­խո­հութ­եան մթ­նո­լորտ չի տի­րեր: Աւե­լին. լրագ­րող­ներ կը հե­տապնդ­ուին իրենց ազատ կար­ծի­քին ու քն­նա­դա­տա­կան ոճին հա­մար: Դէ­պի ո՞ւր կ’ուղղ­ուին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է լու­ծել երկ­րին սպառ­նա­ցող բազ­մա­մա­կար­դակ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը առանց իրար լսե­լու, քն­նար­կում­նե­րու ազատ հար­թա­կը պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու:
Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն ամէն գնով մե­կու­սաց­նել խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թիւնը, փո­խա­րէ­նը գոր­ծակ­ցե­լու եզ­րեր որո­նե­լով ոչ-խորհր­դա­րա­նա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րու հետ, պար­զա­պէս իրենց տե­սա­կէտ­նե­րուն հա­մա­խոհ­ներ որո­նե­լով եւ իշ­խա­նու­թեան լծակ­նե­րը բազ­մա­պատ­կե­լով:
Մեր եր­կի­րը ճգ­նա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ կ’ապ­րի: Սփիւռ­քի, հայ­րե­նի­քի մեր ժո­ղո­վուրդն ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը լր­ջու­թեամբ կը հե­տե­ւին Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ներ­քին եւ ար­տա­քին զար­գա­ցում­նե­րուն, առանց շօ­շա­փե­լու, սա­կայն, եր­կի­րը քան­դու­մէ փր­կե­լու եւ թշ­նամի­ին սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ դնե­լու մի­աս­նա­կան լուրջ գոր­ծըն­թաց մը:
Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, Հա­յաս­տան կա­րիք ու­նի երկ­րի ու­ժե­րը հա­մախմ­բող, տար­բեր կար­ծիք­նե­րու ականջ տուող, քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը պահ­պա­նող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, որոնք առաջ­նորդ­ուե­լու են երկ­րի ու ազ­գի շա­հե­րէն եւ պատ­մա­կան այս վտան­գա­լից օրե­րուն յանդգ­նու­թիւնն ու իմաս­տու­թիւնը ու­նե­նա­լու են ի մի բե­րե­լու բո­լոր կար­ծիք­նե­րը եւ մի­աս­նա­կան աշ­խա­տան­քով փր­կե­լու եր­կի­րը կո­րուս­տէ:
Պատ­մու­թեան բո­լոր փու­լե­րուն մեր եր­կի­րը տա­րածք­ներ կորսն­ցու­ցած է, երբ հա­սա­րա­կու­թիւնը պա­րակտ­ուած է եւ իշ­խա­նա­տենչ խա­ւը բա­ւա­րար­ուած է իր դիր­քե­րը պաշտ­պա­նե­լով, փո­խա­նակ քա­ղա­քա­կան տար­բեր ու­ժե­րուն լր­ջա­գոյն առա­ջարկ­նե­րուն ու քն­նա­դա­տու­թիւն­նե­րուն իմաս­տու­թեամբ  մօ­տե­նա­լու:
Յաղ­թո­ղի եւ պար­տուո­ղի յե­տամ­նաց տրա­մա­բա­նու­թիւնը կը նպաս­տէ մեր երկ­րի քայ­քայ­ման՝ վտան­գա­լի այս օրե­րուն:
Թշ­նա­մին մեր դրան սե­մին կանգ­նած է, հա՞րթ պի­տի դարձ­նենք անոր մուտ­քի ճամ­բան իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան ներ­քին ան­հե­թեթ պայ­քա­րով եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բարձ­րա­ցող տա­ճա­րը վար առ­նե­լով: