ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ հաւաքականի դարպասապահ Իպրահիմ Ալմա մէկ տարուան պայմանագրութեամբ միացաւ Հոմսի Ուասպէ ակումբին:
– Սուրիոյ հաւաքականի բարեկամական մրցումներու թուականները յետաձգուեցան, որովհետեւ նկատի առնուած հաւաքականները իրենց հրաւէրին չընդառաջեցին: Ըստ ֆութպոլի պատասխանատուներուն, կազմը նպատակ ունի բարեկամական հանդիպում մը ունենալ Լիպիոյ հաւաքականին հետ:
– Սուրիոյ փինկ փոնկի մարզիկ Հինտ Զազան ժամանեց Դամասկոս եւ դիմաւորուեցաւ մարզական պատասխանատուներու կողմէ. Զազան ուսումնամարզական հաւաքի հրաւէր մը ստացաւ Աւստրիացի մարզիկի մը կողմէ, երեք ամսուան տեւողութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՈՂՈՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՀՐԱՁԳՈՒՀԻ ԷԼՄԻՐԱ
ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 18-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Հայաստանի մարզիկ Էլմիրա Կարապետեան Թոքիոյի մէջ կայացած ողոմպիական խաղերու օդամղիչ ատրճանակ, 10մ կանանց մրցումներուն 600 նախատեսուած կէտերէն ապահովեց 573-ը, եւ աշխարհի ուժեղագոյն 53 հրաձգուհիներու պայքարին գրաւեց 18-րդ դիրքը: Ան չորս կրակահերթէ ետք, մաս կազմեց առաջատարներու խմբակին, բայց նախավերջին՝ 5-րդ կրակահերթին 8 կէտ վնասեց:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՏՎՈՔԱԹԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐԱՔԻ ՄԱՐԶԻՉ
Իրաքի ֆութպոլի դաշնութիւնը համաձայնեցաւ Հոլանտայի հաւաքականի նախկին մարզիչ Տիք Ատվոքաթին հետ՝ անոր վստահելով Առաջին հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը: Ատվոքաթ պիտի փոխարինէ Սլովենիացի Սթրիշքօ Քաթանիչին, որուն պայմանագրութիւնը կ’աւարտի Օգոստոսի կիսուն: Զոյգ կողմերու համաձայնութիւնը տեղի ունեցաւ Սպանիոյ մէջ: Մարզիչը յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Պաղտատ՝ ստանձնելու իր պաշտօնը:
Աւելցնենք, որ Իրաքի ֆութպոլի դաշնութիւնը ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ պայմանագրութեան տեւողութեան կամ նիւթական համաձայնութեան առնչութեամբ:
ԼԻԼ ՏԻՐԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍՈՒՓԸՐ ԳԱՒԱԹԻՆ
 Ֆրանսայի Ախոյեան Լիլ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ նուաճեց Ֆրանսայի սուփըր գաւաթը՝ պարտութեան մատնելով երկիրի բազմակի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանը: Ֆրանսացի Քրիստոֆ Քալտէի գլխաւորած կազմը կրցաւ յաղթական դուրս գալ 1-0 արդիւնքով: Հանդիպումի միակ կոլը 45-րդ վայրկեանին նշանակեց փորթուկալցի կիսապաշտպան Շեկանը։Աւելցնենք, որ այս առաջին ագամն էր, որ Լիլ կը նուաճէր սոյն բաժակը, իսկ մրցակից՝ Փարիզ սան Ժերմանը սոյն բաժակին արժանացած էր նախապէս՝ տասը անգամ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ