Երեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պաշտօնական նամակ մը յղեց Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, որուն մէջ շեշտեց, թէ Ժընեւի մէջ «Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան բաժինններու կառավարութիւն» կոչուած խմբաւորումը ներկայացնող գրասենեակի բացումը ապօրինի է եւ սուրիական կառավարութեան հակասող ընթացք, որովհետեւ այդ խմբաւորման անդամները ապօրինաբար խուժած են Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններ, եւ սուրիական կառավարութեան դէմ կռիւ կը մղեն, հակառակ տեղւոյն բնակչութեան կեցուածքին։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Զուիցերիան այս ընթացքով կը հակասէ միջազգային օրէնքին ու ՄԱԿ-ի պայմանագիրին, յատկապէս պետութիւններու գերիշխանութիւնը յարգող յօդուածին։ Նախարարութիւնը եզրափակելով կոչ ուղղեց Զուիցերական իշխանութիւններուն՝ վերատեսութեան ենթարկելու նման ապօրինի գրասենեակներու բացումին որոշումը, յատկապէս, որ գրասենեակի պատասխանատու կողմերը յայտնած են, թէ «Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան բաժիններու կառավարութեան» գրասենեակ բանալը կը նշանակէ Զուիցերիոյ կողմէ անոր ճանաչումը։