Հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, Կի­րա­կի, 22 Օգոս­տոս 2021-ի առա­ւօ­տուն, Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ մա­տուց­ուե­ցաւ Նոր Գիւ­ղի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։
Պա­տա­րա­գեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մի­ա­բան­նե­րէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէ­փիրճ­եան։
Քա­րո­զին ընդ­մէ­ջէն հայր սուր­բը պար­զա­բա­նեց Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վերա­փոխ­ման տօ­նին եւ արար­չա­գոր­ծու­թեան պատ­մու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող աղեր­սը, յայտ­նե­լով որ եր­րորդ օր­ուան մէջ Աստ­ուած ստեղ­ծեց սերմ տուող խո­տերն ու պտ­ղա­տու ծա­ռե­րը, որոնք մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կեն բուս­նիլ եւ պտուղ տալ, նոյն­պէս Աստ­ուա­ծա­մայ­րը այն ող­կոյզն է, որ ծնունդ տուաւ նոր սեր­մին՝ Քրիս­տո­սին, որ­պէս­զի կեանք տայ մար­դոց։
Ան Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը հա­մա­րեց օրհ­նու­թեան օր, յայտ­նե­լով, որ Աստ­ուած արար­չա­գոր­ծու­թեան եօ­թե­րորդ օրը օրհ­նեց ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, նոյն­պէս Հայ Առա­քե­լա­կան Սուրբ Եկե­ղե­ցին Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին խա­ղող կ’օրհ­նէ եւ ժո­ղո­վուր­դին կը բաշ­խէ։
Հայր Սուր­բը հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն պատ­ուի­րեց, որ Սուրբ Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լով իրենց նե­ղու­թիւն­ներն ու դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը Սուրբ Խո­րա­նին յանձ­նեն, որ­պէս­զի Քրիս­տոս օրհ­նու­թեան կեր­պա­րա­նա­փո­խէ զա­նոնք։
Պա­տա­րա­գի աւար­տին, Սր­բա­զան Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի ատե­նադ­պիր Հոգշ. Տ. Մա­նուկ Աբղ. Պա­րի­խան­եա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ Հո­գե­հանգստ­եան Պաշ­տօն կա­տար­ուե­ցաւ՝ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Քա­հա­նա­յից Դա­սէն Արժ. Տ. Տա­ճատ Ա. Քհնյ. Յա­կոբ­եա­նի վախ­ճան­ման Ա. տա­րե­լի­ցին առի­թով։
Հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը ըն­դու­նեց հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէ­փիրճ­եա­նին հա­րա­զատ­նե­րը եւ հո­գե­լոյս Արժ. Տ. Տա­ճատ Ա. Քհնյ. Յա­կոբ­եա­նին երէց­կինն ու հա­րա­զատ­նե­րը՝ եկե­ղեց­ւոյ դահ­լի­ճէն ներս, ուր ան երախ­տա­գի­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ հո­գե­լոյս Քա­հա­նայ Հօր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան, յատ­կա­պէս Տէրի­քի մէջ եր­կար տա­րի­նե­րու իր նուի­րա­կան առա­քե­լու­թեան, ապա «Հոգ­ւոցն Հան­գու­ցե­լոց» աղօթ­քը բարձ­րա­ցուց առ Աստ­ուած՝ վախ­ճան­եալ Քա­հա­նայ Հօր հոգի­ին խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:
Սր­բա­զան Հայ­րը թե­մի ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան, ժո­ղո­վուր­դին անու­նով եւ անձ­նա­պէս խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նեց հո­գե­լոյս քա­հա­նայ հօր երէցկ­նոջ, զա­ւակ­նե­րուն եւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։