Երկուշաբթի, 30 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները Հասիչէի հիւսիսային արեւելեան «Ռմելան» քաղաքին մէջ հանրային փոխադրակառք մը կեցուցին եւ շուրջ 10 երիտասարդ առեւանգեցին, որպէսզի անոնք պարտադրաբար իրենց կողքին պատերազմին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ։ Նախորդ շաբթուան ընթացքին, ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները տասնեակ երիտասարդներ առեւանգեցին Հասիչէի «Նաշուա» եւ «Ղուէրան» թաղամասերէն, ինչպէս նաեւ Հասիչէի արուարձանի տարբեր գիւղերէն։