Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 136 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, 20 պարագաներ բուժուեցան եւ 6 ուրիշներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 27915-ի, բուժուածներունը՝ 22471-ի, իսկ մահացածներունը՝ 2013-ի։