Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ ազգային իշխանութեան հրաւէրով Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Արմէն Սարգիսեանի ողջերթի երեկոն:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ տիար Հրաչ Յակոբեան, կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան տիար Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն տիար Յակոբ Քիլէճեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Քրիստափոր Հապոյեան բարի գալուստ մաղթեց մեծարգոյ հիւպատոսին: Այնուհետեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան հակիրճ կերպով ներկայացուց պարոն հիւպատոսին կենսագրականը:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով յայտնեց, թէ այսօրուան հրաւէրին շարժառիթը մեծարգոյ հիւպատոսին դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին Սուրիայէն մեկնումն է: Ան դիտել տուաւ, որ մեզի համար հպարտութիւն է գործակցիլ այսպիսի դիւանագէտ եւ հարազատ անձնաւորութեան հետ, որ Սուրիոյ պատերազմի դժուարին օրերուն իր մարդասիրական եւ դիւանագիտական ծառայութեամբ մնաց հալէպահայութեան կողքին եւ ժողովուրդին օժանդակութեամբ իր ներդրումը բերաւ: Սրբազան հայրը պարոն հիւպատոսին մաղթեց, որ ուր ալ գտնուի՝ շարունակէ պաշտպանել հայ ազգին շահերն ու Հայ Դատը:
Ապա գերշ. Տէր Մասիս թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»ով եւ պատուոյ գիրով պարգեւատրեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը:
Պարոն հիւպատոսը խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ազգային իշխանութեան եւ թեմի ազգային մարմիններուն, միութիւններուն, որոնք հակառակ անբարենպաստ պայմաններուն լուռ կերպով յառաջ կը տանին իրենց վստահուած ազգանուէր ծառայութիւնը:
Ապա դիտել տուաւ, որ որպէս Հալէպահայութեան արժեհամակարգին հաւատացող եւ այդ ընտանիքին անդամ իրեն հոգեհարազատ կերպարը զինուորի կերպարը հանդիսացած է, ո՛չ թէ զօրավարի, որովհետեւ զինուորն է որ իր աշխատանքով յաղթանակներ կը կերտէ: Ան յորդորեց ներկաները համբերութեամբ սպասել մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիական Հայրենիքին խաղաղ եւ բարգաւաճ օրերուն: