Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց լիբանանեան կառավարութեան կազմութիւնը՝ Նաճիպ Միքաթիի նախագահութեամբ։ Նախարարութիւնը «Թուիթըր» ի վրայ իր պաշտօնական էջին մէջ յայտարարեց, որ Միքաթի եւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն միասնաբար ստորագրեցին նոր կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը, ներկայութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի։ Կառավարութիւնը ընդգրկեց 21 նախարարներ, որոնցմէ յիշենք Ապտալլա պու հապիպ՝ արտաքին գործոց նախարար, Պասսամ Մաուլաուի՝ ներքին գործոց նախարար, Ճորճ Քրտահի՝ տեղեկատուութեան նախարար, Ամին Սալամ՝ տնտեսութեան նախարար, Իւսէֆ Խալիլ՝ ելեւմուտքի նախարար, Ճորճ Պուչիքեան՝ ճարտարարուեստի նախարար, իսկ փոխվարչապետ նշանակուեցաւ Սաատէ ալ Շամի։