Ազգային ժողովի նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան հաստատեց, որ Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնախումբը ոչ մէկ նիստ գումարած է:
«Իսկապէս, անընդհատ զաւեշտալի իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք, երբ կը փորձենք արժեւորել, կարեւոր նկատել Արցախի հարցը, մեզի միշտ կ՛ըսեն` մենք աւելի կարեւոր նկատուած ու աւելի արժեւորուած ձեւ ունինք, այդ ձեւով կ՛աշխատինք, դուք մեզի բաներ կ՛առաջարկէք, որոնք բացարձակապէս այդ նպատակին պիտի չծառայեն եւ պիտի շեղեն մեզի Արցախի հարցը մեր գլխաւոր խնդիրը նկատելու օրակարգէն: Ասիկա դասական օրինակ է, երբ կարելի է բան մը ըսել, բոլորովին այլ բան ընել: Այստեղ, երբ մենք Արցախի հարցը կը քննարկէինք, ըսիք, որ ունինք միջխորհրդարանական յանձնախումբ, որ շատ աւելի բարձր մակարդակով գործող յանձնախումբ է եւ այդ յանձնախումբին մակարդակը պէտք չէ իջեցնենք` այլ յանձնախումբ ստեղծելով:
«Պարզուեցաւ, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որ ընտրուած է 2020 թուականին, անկէ ետք ոչ մէկ նիստ գումարած է այդ յանձնախումբի շրջագիծին մէջ», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ նոյնը հաստատած են Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորներ: Մենք ունինք ողջմիտ կասկած, որ դուք Արցախէն վերջնականապէս կ՛ուզէք հրաժարիլ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: