Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար Քե­րիմ Վե­լի­եւ, որ 13 Սեպ­տեմ­բե­րին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Թուրք­իա մեկ­նած էր, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է Թուրք­իոյ գլ­խա­ւոր շտա­պի երկ­րորդ ղե­կա­վար, բա­նա­կի սպայ Սել­ճուք Պայ­րաք­թար օղլ­ուի եւ յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տար Օմեր Էր­տուղ­րուլ Էր­պա­քա­նի հետ:
Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նութ­եան նա­խա­րա­րու­թիւնը յայտ­նած է, որ հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին քն­նարկ­ուած է ատր­պէյ­ճա­նա-թր­քա­կան կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը, ռազ­մա­կան եւ այլ ոլորտ­նե­րու մէջ ծա­ւա­լող յա­ջող գոր­ծակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը: Ընդգծ­ուած է հե­տա­գա­յին եւս մի­ա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը: