25 Օգոս­տո­սին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի մի­ա­ւոր­ներ փա­կե­ցին Կա­պան-Գո­րիս ճա­նա­պար­հը Կարմ­րա­քար-Շուռ­նուխ հատ­ուա­ծի մօ­տա­կայ­քը։ 26 Օգոս­տո­սին, եր­թե­ւե­կի խա­փան­ման այս կա­մա­յա­կան ռե­ժի­մը տա­րած­ուե­ցաւ նոյն ճա­նա­պար­հի Գո­րիս-Որո­տան մա­տոյց­նե­րուն վրայ։ 27 Օգոս­տո­սին, ըն­թացք տա­լով Մոսկ­ուա­յի ճն­շում­նե­րուն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւնը յօ­ժա­րե­ցաւ վերցնել եր­թե­ւե­կի ար­գել­քը եւ առիթ տալ, որ մե­քե­նա­նե­րու եւ մար­դոց շր­ջա­նա­ռու­թիւնը վե­րա­հաս­տատ­ուի, բայց…
Բայց յան­կարծ պե­թո­նէ ան­ցար­գել­ներ յայտն­ուե­ցան Սիւն­եաց մայ­րուղիի զա­նա­զան կէ­տե­րուն վրայ՝ ար­ուես­տա­կա­նօ­րէն դան­դա­ղեց­նե­լով ճա­նա­պար­հի բնա­կա­նոն շր­ջա­գա­յու­թիւնը։
Իսկ այ­սօր Պա­քու ար­դէն կը նա­խա­ձեռ­նէ ճա­նա­պար­հի այս հատ­ուա­ծին վրայ մնա­յուն ստու­գա­կէ­տեր (checkpoint) հաս­տա­տե­լու գոր­ծին։
Կը խօ­սինք հայ պե­տա­կա­նութ­եան լի­նե­լիու­թիւնը կա­րե­լի դարձ­նող մեր երկ­րի եր­կու կեն­սա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րէն մէ­կուն մա­սին։ Ասի­կա այն ճա­նա­պարհն է, որ­մով Հա­յաս­տա­նի տն­տե­սու­թիւնը կը յա­ջո­ղի ապա­հո­վել իր ցա­մա­քա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը Իրա­նի հետ եւ ճամ­բայ հար­թել մինչեւ Պար­սից կամ Արա­բա­կան ծո­վա­ծո­ցի շու­կա­յա­կան մեծ հար­թակ­նե­րը։ Ասի­կա այն ճա­նա­պարհն է, որ­մով կը պա­րե­նա­ւոր­ուի Ար­ցա­խի տն­տե­սու­թիւնը։ Ասի­կա այն ճա­նա­պարհն է, որ կոչ­ուած է ապա­հո­վե­լու ՀՀ ռազ­մա­կան վե­րահս­կո­ղու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին ռազ­մա­բե­մին վրայ։ Ասի­կա Սիւ­նի­քի եւ Վա­յոց Ձո­րի պաշտ­պա­նու­թեան խա­րիսխն է։ Ասի­կա Զօր. Անդ­րա­նի­կի, Սպա­րա­պետ Նըժ­դե­հի, Զօր. Դրո­յի սխ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի դարձ­նող պատ­մա­կան ան­ցու­ղին է դէ­պի Մեղ­րի եւ դէ­պի Գողթն։ Ասի­կա ճա­նա­պարհ չէ։ Ասի­կա մայ­րե­րակ է մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Եւ այս մայ­րե­րակն է, որ 9 Նո­յեմ­բե­րի ձա­խա­ւեր հա­մա­ձայ­նութ­եամբ Փա­շին­եան յանձ­նած է Ատր­պէյ­ճա­նի։ Եւ այ­սօր սահմռ­կե­ցու­ցիչ հա­մար­ձա­կու­թեամբ ան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ճա­նա­պար­հի այս կեն­սա­կան հատ­ուա­ծը մե­զի չի պատ­կա­նիր եւ թէ Ատր­պէյ­ճան ի՞նչ, որ կ’ու­զէ կր­նայ ընել  իրեն «պատ­կա­նող» այդ տա­րածք­նե­րուն վրայ…
Խօ­սիլ այս բո­լո­րին մա­սին ար­դէն դար­ձած է բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­հե­թեթ։ Ան դար­ձած է տա­ռա­պա­լից ու վի­րա­ւո­րա­կան։ Ամէն մարդ գի­տէ, թէ ի՞նչ կը կա­տար­ուի Սիւ­նի­քի ռազ­մա­վա­րա­կան գօտի­ին շուրջ։ Ամէն մարդ տեղ­եակ է, թէ ի՞նչ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով կը գոր­ծեն Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի այս մա­սին մէջ Թուրք­ի­ան, Ատր­պէյ­ճա­նը, Մոսկ­ուան, Իրա­նը, Իս­րա­յէ­լը, Եւ­րո­պան, ԱՄՆ-ը։ Ամէն մարդ գի­տէ, թէ ի՞նչ վար­քագ­ծով կը գոր­ծեն Փա­շին­եանն ու իր վար­չա­կազ­մը այս խն­դիր­նե­րու ոլոր­տին մէջ։ Մինչեւ հոս նո­րու­թիւն չկայ։
Զար­մա­նա­լին եւ ընդվ­զե­ցու­ցի՛չը Ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի հա­մար­ձա­կու­թիւնն է Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նագ­ծե­րուն վրայ։ Այն իրո­ղու­թի՛ւնը՝ որ այս մար­դիկ քա­նի մը հա­րիւր զի­նուոր­նե­րով ամ­բար­տա­ւա­նօ­րէն կը մտ­նեն մեր սահ­ման­նե­րէն ներս իրենց տխ­մար GPS սար­քե­րով եւ առօք-փա­ռօք դուրս կը հրեն սիւ­նե­ցի­ներն ու գե­ղար­քու­նե­ցի­նե­րը իրենց տու­նե­րէն։ Անոնք կը խլեն մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դիր­քե­րը մեր աչ­քե­րուն առջեւ։ Անոնք ահ­ռե­լի պն­դե­րե­սու­թեամբ կը պա­հան­ջեն Տիգ­րա­նա­շէ­նը։ Անոնք գե­րի­ներ կը վերց­նեն։ Մար­դիկ կը ս­պա­նեն։ Կը ժպր­հին հրա­պա­րա­կաւ անար­գել հա­յոց բա­նա­կը, հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­յաս­տա­նը կը հռ­չա­կեն իրենց տի­րոյ­թը…Եւ զար­մա­նա­լին այն է, որ անոնք չեն հան­դի­պիր նուա­զա­գոյն ընդ­դի­մու­թեան։ Անոնք վս­տահ են, որ պի­տի չգտն­ուի թէ­կուզ մէկ խենթ, որ օր-ցե­րե­կով շան­սա­տակ ընէ քա­նի մը ազե­րի զի­նուոր իրենց լկ­տի պահ­ուած­քին հա­մար։ Պի­տի չգտն­ուի ըմ­բոս­տութ­եան մէկ ազա­զուն նշոյլ, որ օդը հա­նէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի մէկ ամ­բողջ մի­ա­ւոր։ Քոշ­մա­րա­յին է մտա­ծել այս բո­լո­րին մա­սին։ Այս բա­նե­րը իրօ՞ք տե­ղի կ’ու­նե­նան։ Իրօ՞ք ակա­նա­տեսն ենք այս գե­րի­րա­կան քա­ո­սին։ Իրօ՞ք մենք այս ենք եւ «գործք արու­թեան ո՞չ գտա­նին գործ­եալ  ի մե­րում աշ­խար­հիս»…Սո՞ւտ էր Պատ­մա­հայ­րը։
Դուք չէ՞ք զար­մա­ցած։ Ես զար­մա­ցած եմ։ Ես չեմ տե­սած որեւէ գրաւ­ման բա­նակ, որ այս­քան ապա­հով զգայ ինք­զինք իր կայ­քէն այս­քան հե­ռու եւ թշ­նա­մի հո­ղի վրայ։ Արդ­եօ՞ք հա­սած ենք հոն, ուր մեր թշ­նա­մին ար­դէն հա­մոզ­ուած է, որ մեր եր­կի­րը թշ­նա­մի հող չէ այ­լեւս իրեն հա­մար։ Եթէ հա­սած ենք այդ կէ­տին, պէտք է հարց տանք, թէ ո՞վ է, որ իս­կա­պէս կը ներշն­չէ իրեն այդ թիւր ինք­նավս­տա­հու­թիւնը։ Մոսկ­ուա՞ն։ Արեւմու՞տքը։ Իս­րա­յէ՞լը։ Մեր հա­մե­մա­տա­կան սպա­րա­զի­նութ­եանց ան­հա­ւա­սա­րու­թի՞ւնը։ Արդ­եօ՞ք թշ­նա­մին կը կար­ծէ, թէ մե­ռած է մեր ժո­ղո­վուր­դը։ Արդ­եօ՞ք իր եւ իր խորհր­դա­տու­նե­րուն բթամ­տու­թիւնը հա­սած է այն­պի­սի աս­տի­ճա­նի մը, ուր անոնք մոռ­ցած են մեր պատ­մու­թիւնը։ Կամ արդ­եօք մե՞ր բթամ­տու­թիւնը հա­սած է այն աս­տի­ճա­նին, ուր ՄԵՆՔ՝ ԻՆՔ­ՆԵ՛ՐՍ մոռ­ցած ենք մեր պատ­մու­թիւնը։
Երբ որե­ւէ կա­ռա­վա­րու­թիւն որե­ւէ երկ­րի մէջ կը դադ­րի իր ժո­ղո­վուր­դին եւ իր երկ­րի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ իր ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն յա­ջո­ղա­պէս տի­րու­թիւն ընե­լէ, ան պէտք է ընդ­փոյթ դուրս դր­ուի իշ­խա­նու­թե­նէ։ Ժո­ղո­վուր­դին ար­թուն խիղ­ճը պէտք է քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն յօ­շո­տէ նման իշ­խա­նու­թիւնը։ Երբ որեւէ պատ­ճա­ռով ինք­նա­մաքր­ման այդ արար­քը տե­ղի չու­նե­նար, պարզ է, որ ժո­ղո­վուր­դին ար­թուն խիղ­ճը նե­կա­յաց­նող ու­ժե­րը՝ իրե՛նք իրենց  ձեռ­քե­րուն մէջ առ­նեն ազ­գին ճա­կա­տա­գի­րը։
Երբ Նաց­ի­ա­կան Գեր­ման­իոյ գրա­ւու­մով Ֆրան­սա­յի մէջ հաս­տատ­ուե­ցաւ Մա­րա­ջախտ Փէ­թէ­նի Վիշ­ի­ա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը, ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուր­դը տե­ղի չտ­ուաւ պար­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու սադ­րան­քին առջեւ։ Նաց­ի­ա­կան ու­ժե­րը եր­բեք հան­գիստ օր չու­նե­ցան Ֆրան­սա­յի մէջ։ Այդ պայ­քա­րին իրենց փայ­լուն մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին նաեւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը բա­նաս­տեղծ Մի­սաք Մա­նուշ­եա­նի առաջ­նոր­դու­թեամբ եւ առանց կու­սակ­ցա­կան խտ­րու­թեան։ Այ­սօր, Վիշիի խրտ­ուի­լա­կնե­րը մոռց­ուած են վա­ղուց եւ Ֆրան­սա­յի պատ­մութ­եան անիւը հա­մար­ձա­կօ­րէն դարձ­նող Դի­մադ­րա­կան Շարժ­ման հե­րոս­ներն են միայն, որ կը յիշ­ուին, քա­նի որ անոնք են միայն, որ հաս­տա­տած են ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պատ­ւու­թեան չա­փա­նի­շը ապա­գայ բո­լոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Յի­շե­ցի այս օրի­նա­կը, ըսե­լու հա­մար, որ մենք իրա­ւունք չու­նինք այ­սօր աւե­լի ցածր նշա­ձո­ղով վե­րա­բեր­ուե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Չու­նինք նաեւ պատ­ճառ։ Այ­սինքն ու­նինք ամէն պատ­ճառ թշ­նամի­ին օրե­րը համր­ուած հա­մա­րե­լու։ Թշ­նա­մին պի­տի գիտ­նայ, որ ինք կը գտն­ուի թշ­նա­մի հո­ղի վրայ (հա­կա­ռակ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի ճա­մար­տա­կու­թիւն­նե­րուն) եւ իր թր­քա­կան պայ­րաք­տար­ներն ու իս­րա­յէլ­եան ԱԹՍ-նե­րը եւ Ռու­սաս­տան­եան ռազ­մա­նիւ­թի պա­շար­նե­րը չեն օգ­նե­ր իրեն։
Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը 9 Նո­յեմ­բե­րի եւ 11 Յուն­ուա­րի փաս­տա­թուղ­թե­րը  ստո­րագ­րող­նե­րը չեն, որ պի­տի հաս­տա­տեն։ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը հայ ժո­ղո­վուրդն է, որ պի­տի գծէ։ Այս օրէն­քը այ­լընտ­րանք չու­նի։ Հա­յոց երկ­րի անվ­տան­գու­թիւնը հայ ժո­ղո­վուրդն է, որ պի­տի ապա­հո­վէ սան­ձե­լով թշ­նա­մին եւ պա­տու­հա­սե­լով իր կեն­սա­կան շա­հե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։ Այո՛, պա­տե­րազ­մը վերջ չէ գտած։ Թշ­նա­մին պի­տի գիտ­նայ, որ պա­տան­դի կար­գա­վի­ճա­կը վա­յե­լո­ղը այժմ իր բա­նա­կի մի­ա­ւոր­ներն են հա­յոց հայ­րե­նի­քի հո­ղին վրայ։ Կաս­կած մի ու­նե­նաք, որ Հա­յաս­տա­նի բազ­մա­չար­չար հո­ղը նաեւ պի­տի ըլ­լայ բո­լոր թշ­նա­մի ու­ժե­րու եր­կա­րա­ձիգ գող­գո­թան։
Կարօ Արմէնեան