Երբեմն սատանան մեղքը իր լրումին հասցնելու համար հետեւեալը կը փսփսայ մարդուն ականջին, այնքան ատեն որ մեղքը սկսար, մինչեւ վերջ հաճոյքը ստացիր, ի՞նչ կ’արժէ մեղքը սկսիլ եւ ապա զրկուիլ անոր հեշտանքէն ու հաճոյքէն: Այս հասկացողութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներուն չի՛ պատկանիր: Այնպէս կը թուի, թէ մարդ կը բանակցի Աստուծոյ հետ ըսելով, այնքան ատեն որ մեղքը իմ հաշւոյս գրուեցաւ, ուրեմն անպայման անոր փոխարէն հաճոյքը պէտք է ստանամ: Բայց ի՞նչ հաճոյքի մասին է խօսքը: Հաճո՞յք է ատիկա, թէ՝ կայծ եւ կամ դառնութիւն:
Պէտք է գիտնանք, որ մեղքի հաճոյքին անպայմանօրէն դառնութիւնը պիտի յաջորդէ եւ հաճոյքին համար ալ անձը գինը պիտի վճարէ արցունքով, յոգնութեամբ, տաժանքով, հոգեւոր պայքարով, հեծկլտանքով, պահեցողութեամբ եւ երկրպագութիւններով, զորս պիտի կ’իրառէ, որպէսզի կարենայ հեշտանքին ու հաճոյքին ազդեցութիւնները վերցնել, որոնք աղիտալի պիտի նկատուին:
Բայց պէտք է գիտնալ նաեւ, որ պահեցողութիւնը, արցունքը եւ երկրպագութիւնները չեն, որ կը քաւեն մեղքերը: Ո՛չ, որովհետեւ մեղքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի արիւնով կը քաւուի, մինչ պահեցողութիւնը, արցունքը եւ վերոյիշեալ աստուածպաշտութեան կերպերը կ’օգնե՛ն ապաշխարութեան, որպէսզի մարդուս սիրտէն արմատախիլ ըլլան կամ ջնջուին մեղքի հետքերը:
«Եկէք վիճաբանինք», կ’ըսէ մեր Տէրը Եսայիի մարգարէութեան մէջ Աստուած իր ժողովուրդին կ’ըսէ. «Հիմա եկէք վիճաբանինք…» (Ես 1.18): Եկէք խօսինք որպէսզի հաշտուինք: Անոնք ըսին Աստուծոյ. «Ինչպէ՞ս հաշտուինք, երբ կ’ըսե՛ս թէ մեր մեղքի գարշահոտութենէն կը զզուիս»: Տէրը անոնց պատասխանեց. «Ատիկա կ’անհանգըստացնէ՞ ձեզ: Պատճառաբանութիւննե՞ր պիտի ընէք»: Անոնք ըսին. «Ահա դուն է, որ դուռը գոցեցիր»: Տէրը պատասխանեց «Ո՛չ թէ գոցեցի, այլ եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Ես 1.18):
Տէր Աստուած յստակօրէն կը յիշեցնէ, որ ինք դուռը չէ գոցած, այլ կ’ուզէ արթնցնել զիրենք, որպէսզի զգաստանան, ապաշխարեն եւ Տիրոջ դառնան, եւ ինք պատրաստ է ներելու իրենց մեղքերը, եւ նոյնիսկ «եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (Ես 1.18): Եթէ ձեր վիճակը ճահճանայ եւ նոյնիսկ կարմրագոյն ալ դառնայ, ես պատրաստ եմ զայն ձիւնի եւ ասրի նման ճերմակ դարձնելու. միայն թէ եկէ՛ք լուացուեցէ՛ք ու մաքրուեցէք: «Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, երկրին բարիքը պիտի ուտէք: Բայց եթէ զիս մերժելով ապստամբիք, սուրը պիտի ուտէ ձեզ: Վասնզի Տիրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա» (Ես.1.19):
Ու՞ր ես, ո՛վ Դաւիթ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բայց Դաւիթին այս ըրած բանը Տիրոջը աչքերուն գէշ երեւեցաւ» (Բ.Թգ 11.27): Երբ Դաւիթ տակաւին իր թմբիրին մէջ կը գտնուէր, Աստուած անոր մօտ ղրկեց Նաթան մարգարէն, որ այնպէս ձեւացուց, որ ան եկած էր թագաւորին կարծիքը առնելու հարցի մը շուրջ, որ տեղի ունեցած է երկու մարդոց միջեւ ու ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդիկ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ: Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր, բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առէր էր եւ կը սնուցանէր: Գառնուկը անոր հետ եւ անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ: Անոր պատառէն կ’ուտէր եւ անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր եւ անոր, աղջկան պէս էր: Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»: Եւ նախքան Նաթան Դաւիթին դատավճիռը հարցնելը այդ կատարուածին գծով, «Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. Տէրը կենդանի է, ու այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է: Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ եւ գութ չունեցաւ» (Բ.Թգ 12.1-6):
Այն ժամանակ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դուն ես… Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի եւ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի… ինչու՞ համար Տիրոջ խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր…քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ…թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլի առջեւ պիտի ընեմ» (Ա.Թգ 12.7-12):
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան