Երգիչ, երգահան Հայկ Յակոբեան՝ բոլորին յայտնի Հայկօն, 29 Սեպտեմբերին իր մահկանացուն կնքեց։ Հայկօն վարակուած էր պսակաձեւ ժահրով եւ բժիշկներու հաստատումով ունէր առողջական այլ հարցեր: Ան ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր Երեւանի «Միքայէլեան» հիւանդանոց: Խորապէս կը ցաւակցինք Հայկոյի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ համայն հայութեան։ «Գանձասար»