«Արմէնփրէս».-ԱՄՆ նախկին հանրապետական ծերակուտական Ճէֆ Ֆլէյք, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանի թեկնածուն է, պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` հակադարձելով այս հարցին մէջ իր նախկին դիրքորոշումին: Այս մասին ան յայտարարած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստի ընթացքին: Յատկապէս, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես հարցուցած է, թէ արդեօք ան փոխած է դիրքորոշումը եւ պատրաստ է «միանալ այս մարմնին եւ վարչակազմին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու համար», Ճէֆ Ֆլէյք հաստատակամ «այո» պատասխանած է: Ամերիկեան The National News-ի փոխանցումով, 2005, 2007, 2010 եւ 2014 թուականներուն Ֆլէյքք, որ Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած էր Արիզոնա նահանգը, դէմ քուէարկած Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրէնքներուն: Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ան ապակայունացնող անուանած է Թուրքիոյ դերակատարումը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան նկատմամբ: Ֆլէյք խոստացած է նաեւ անկեղծօրէն պաշտպանել ժողովրդավարական արժէքներն ու մարդու իրաւունքները: