Մէկ շաբթ­ուան մէջ երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, Հա­յաս­տա­նի վե­րին խա­ւը ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ տա­րօ­րի­նակ «բազ­մա­ձայ­նու­թեան» մը պատ­կե­րով (որ մօ­տէն կամ հեռ­ուէն չ’անց­նիր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ բազ­մա­կար­ծութ­եան քո­վէն):
Քա­նի մը ման­րա­մաս­նու­թիւն:
Ինչ­պէս 21 Սեպ­տեմ­բե­րին, ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձի օրը, նոյն­պէս ալ 27 Սեպ­տեմ­բե­րին, 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մի պայ­թու­մին առա­ջին տա­րե­դա­րձին, յի­շա­տա­կու­մի ձեռ­նարկ­նե­րը եղան տա­րան­ջատ­ուած, ձե­ւով մը ներ­կա­յաց­նե­լով ժո­ղո­վուր­դին… հա­րա­զատ պատ­կե­րը: Իշ­խա­նու­թեան պետն ու քա­նի մը հա­մա­խոհ­ներ առան­ձին այ­ցե­լե­ցին Եռաբ­լուր (որա­կում­ներ չտանք եղա­ծին, յար­գե­լով նա­հա­տակ­նե­րը), ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը բազ­մա­մարդ քայ­լեր­թով ըրին ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնը: Ան­կա­խու­թեան յի­շա­տակ­ման օրը, Էջմ­ի­ա­ծի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան արա­րո­ղու­թիւն,  ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը քայ­լար­շաւ կա­տա­րե­ցին դէ­պի Եռաբ­լուր, իշ­խա­նու­թեան մար­դի­կը առան­ձին եւ ապա­հո­վու­թեան այ­լա­պէս տա­րօ­րի­նակ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած այ­ցե­լե­ցի­ն Ե­ռաբ­լուր, իսկ երե­կոյ­եան, իշ­խա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պած շքեղ հան­դի­սու­թե­նէն բա­ցա­կա­յե­ցան Ար­ցա­խի եւ եկե­ղեց­ւոյ, զի­նու­ժի, ինչ­պէս նա­եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը (զի­նուո­րա­կան խորհր­դան­շա­կան տո­ղանցք մը իսկ տե­ղի չու­նե­ցաւ, իսկ քա­նի մը զի­նուո­րա­կա­նի ցու­ցա­կան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րը…: Բա­նա­կին հան­դէպ յար­գան­քը չի կր­նար նսե­մա­նալ): Հան­դի­սու­թիւնը իս­կա­պէս որ շքեղ էր եւ, եթէ չ’ըլ­լար… 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին ահա­ւոր ու չփա­րա­տած հետ­քը, կա­րե­լի էր մին­չեւ իսկ գո­հու­նա­կու­թիւն ար­տա­յայ­տել երգ ու պա­րին, ընտր­ուած կտոր­նե­րուն եւ մա­տու­ցում­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Լաս Վե­կասն ու այլ զբօ­սա­վայ­րե­րու ջրա­խա­ղե­րը յի­շեց­նող ար­հես­տա­գի­տու­թեան օգ­տա­գործ­ման, ապա նա­եւ ման­րա­տիպ սա­ւառ­նակ­նե­րու մի­ջո­ցով եր­կին­քին մէջ ցու­ցադ­րուող լու­սա­ւոր պատ­կե­րներուն նկատ­մամբ: (Հան­դի­սու­թիւնը «գու­նա­գեղ» չե­ղաւ, ինչ­պէս մտա­հոգ էին շա­տեր, սա­կայն ակ­նե­րեւ բա­ցա­կա­յու­թիւն­նե­րը աւե­լի՛ քան խորհր­դան­շա­կան էին):
***
Ան­կախ եր­կու պատ­մա­կան օրե­րուն դր­սե­ւոր­ուած «բազ­մա­ձայ­նութ­ե­նէն», որ խոր­քին մէջ ար­տա­ցո­լա­ցումն է երկ­րին մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն շեշտ­ուած բա­ժան­ուա­ծութ­եան եւ իրո­ղա­կան խզում­նե­րու խո­րաց­ման (հոգ չէ թէ իշ­խա­նա­ւոր­ներ կը խօ­սին գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, մինչ­դեռ գործ­նա­պէս կ’ընեն հա­կա­ռա­կը), նման վի­ճակ ստեղծ­ուած է նա­եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ, աւե­լի՛ վտան­գա­ւոր, քան երե­ւու­թա­կան­նե­րը:
Ամէ­նէն աչ­քա­ռու եւ նոյն­քան տա­րօ­րի­նակ «բազ­մա­ձայ­նու­թիւնը» կլա­նած է նոյ­նինքն իշ­խա­նա­կան դա­սը, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ գի­ծե­րուն վրայ, առանց նկա­տի ու­նե­նա­լու իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մա­դիր(ներ) տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը: Աչ­քի առ­ջեւ ու­նինք գո­նէ երեք պաշ­տօ­նա­կան գիծ, որոնց­մէ եր­կու­քը որոշ չա­փով հա­մա­հունչ են իրա­րու: Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նա­կան դէմ­քերն ու Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնը Ատր­պէյ­ճա­նի նկատ­մամբ յս­տակ քն­նա­դա­տու­թեամբ հրա­պա­րակ եկան մէ­կէ աւե­լի ան­գամ, շեշ­տե­ցին, որ ինչ­պէս 27 Սեպ­տեմ­բեր 2020-ին, նոյն­պէս ալ պա­տե­րազ­մին դադ­րե­ցում­էն ետք, ու մին­չեւ օրս, Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ թշ­նա­ման­քը, կը խա­փա­նէ խա­ղա­ղութ­եան ճի­գե­րը. ար­ցախ­եան կող­մը դարձ­եալ շեշ­տեց, թէ կը մեր­ժէ որե­ւէ ձե­ւով մտ­նել Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ, անդ­րա­դար­ձաւ Թուրք­իոյ թշ­նա­մա­կան վար­քա­գի­ծին (աւե­լի չման­րա­մաս­նենք: Կեց­ուածք­նե­րը լայն տեղ գտած են մա­մու­լին մէջ): Ան­դին, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը, ՄԱ­Կ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ուղղ­ուած իր ու­ղեր­ձին մէջ,  միայն հպան­ցիկ ակ­նար­կու­թիւն կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի բա­ցա­սա­կան կեց­ուած­քին մա­սին, սա­կայն աւե­լի ու­ժեղ շեշ­տեր դրաւ Հա­յաս­տա­նի խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան եւ Թուրք­իոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի հետ բար­եա­ցա­կամ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ բա­նա­լու դի­տա­ւո­րու­թեան վրայ: Մեկ­նա­բան­ներ դարձ­եալ հարց տուին, թէ Փա­շին­եան արդ­եօք ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թիւն կը գոր­ծա­ծէ (կամ՝ սա ինչ­պի­սի՜ «բարձր դիւա­նա­գի­տու­թիւն» է), երբ մէկ կող­մէ կը յայ­տա­րա­րէ, որ Հա­յաս­տան կը ցան­կայ խա­ղա­ղութ­եան էջը բա­նալ, ճամ­բա­ներ եւ եր­թե­ւե­կի անց­քեր բա­նալ (կար­ծէք թէ հայ­կա­կան կողմն էր խա­ղա­ղութ­եան էջը ցարդ խա­փա­նո­ղը), իսկ միւս կող­մէ, կէս-բե­րան կը խօ­սի թուրք-ազեր­ի­ա­կան բա­ցա­սա­կան արարք­նե­րու մա­սին, նոյն պա­հուն ալ կ’ան­տե­սէ իր (պահ մը ըն­դու­նինք ան­կեղծ եւ ո՛չ թե­լադր­եալ) բար­եա­ցա­կա­մու­թեան դի­մաց՝ նոյ­նինք Թուրք­իա­յէն եկող բա­ցա­սա­կան նա­խա­պայ­ման­նե­րը:
Փաս­տօ­րէն Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը միայն ձե­ւա­կան բա­ռե­րով ար­ձա­գան­գեց «Հա­յաս­տա­նէն եկող դրա­կան նշան­նե­րուն» (չմոռ­նանք, որ Փա­շին­եանն էր Թուրք­իա­յէն եկող առա­ջին «դրա­կան նշան­ներ» տես­նո­ղը եւ այդ մեկ­նա­կէ­տով ալ՝ ծա­ծուկ կեր­պով ու Վրաս­տա­նի ճամ­բով Էր­տո­ղա­նին բա­նակ­ցու­թիւն առա­ջար­կո­ղը, հա­ւա­նա­բար այն «գիւ­տով», որ եթէ ինք սի­րա­շա­հի Էր­տո­ղա­նը, անոր խա­մա­ճի­կը եղող Ալի­ե­ւը ար­դէն գր­պա­նը դրած կ’ըլ­լայ): Փաս­տօ­րէն, Թուրք­իա հին նա­խա­պայ­ման­նե­րը վե­րա­նո­րոգ­ուած բա­նա­ձե­ւե­րով ու նա­խա­պայ­ման­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան կող­մին (այ­սինքն՝ հրա­ժա­րիլ Ար­ցա­խէն, թր­քա­կան կող­մին չներ­կա­յա­նալ որե­ւէ տե­սա­կի պա­հան­ջով ու նա­խա­պայ­մա­նով, ըն­դու­նիլ բո­լոր այն «բա­րի» պայ­ման­նե­րը, որոնք յար­մար կը տեսն­ուին Թուրք­իոյ կող­մէ, նե­րառ­եալ… Սիւ­նի­քէն զի­ջում­ներ Ատր­պէյ­ճան-Թուրք­իա ճա­կա­տին): Փաս­տօ­րէն, Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ան­գամ մը եւս յայ­տա­րա­րե­ցին իրենց ան­քակ­տե­լի մի­աս­նու­թիւնն ու հա­սա­րա­կաց պա­հանջ­նե­րը:
Մէկ խօս­քով, Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­յու­թեան ու ար­տա­քին աշ­խար­հին կը շա­րու­նա­կեն ներ­կա­յա­նալ իրար­մէ տար­բեր, չը­սե­լու հա­մար՝ հա­կա­սա­կան կեց­ուածք­նե­րով, մինչ­դեռ ան­դին, Թուրք­իա եւ Ատըր­պէյ­ճան քայլ առ քայլ կը խո­րաց­նեն իրենց մի­աց­եալ ճա­կա­տը, նոր զի­նա­վար­ժու­թիւն­նե­րով նոր պատ­գամ­ներ կ’ուղ­ղեն հայ­կա­կան կող­մին, կ’ան­տե­սեն Ար­ցա­խի մա­սին նոյ­նինքն Մինս­քի խմ­բա­կի ան­դամ­նե­րուն, նա­եւ այ­լոց կար­ծիք­նե­րը (որոնք եր­բեմն աւե­լի՛ ուժ­գին կը հն­չեց­նեն հայ­կա­կան իրա­ւունք­ներն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը, քան Երե­ւա­նի վա­րիչ­նե­րը, որոնք չեն հրա­ժա­րած Շու­շին նկա­տե­լէ «ան­բախտ ու տժ­գոյն», գործ­նա­կան ոչ մէկ քայ­լի դի­մած են Հա­յաս­տան ներ­թա­փան­ցած ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րը վա­նե­լու նպա­տա­կով, առ ի պար­տա­կա­նու­թիւն կը յի­շա­տա­կեն գե­րի­ներն ու Պաք­ուի մէջ դա­տուող­նե­րը…):
***
Իրո­ղա­կան ան­շա­հա­բեր «բազ­մա­ձայ­նու­թեան» դի­մաց, ըստ բա­ւա­կա­նին մի­ա­ձայն են խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան էա­կան շա­հե­րը տես­նե­լու, անոնց հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու հա­մա­միտ եղող կարգ մը ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րը, սա­կայն այս բե­մին վրայ եւս, կայ վե­րո­յիշ­եալ բազ­մա­ձայ­նութ­եան ար­ձա­գան­գը: Հոս ալ, փաս­տօ­րէն, կո­րուս­եալ հո­ղե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու եւ ան­կու­մա­յին ըն­թաց­քէն օր առաջ վե­րա­կանգ­նե­լու ճի­գե­րը, կո­չե­րը իրենց դի­մաց կը շա­րու­նա­կեն գտ­նել մա­շած յան­կերգ­ներ, որոնք այ­լա­պէս չեն նպաս­տեր հայ­կա­կան նե­րու­ժին մի­ա­ւոր­ման, բռունց­քին վե­րապր­կու­մին:
Վէճ չի վերց­ներ այն, որ ստեղծ­ուած այ­լան­դակ եւ վնա­սա­րար վի­ճա­կին առա­ջին եւ գլ­խա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն իշ­խա­նու­թիւնն է: Պա­տե­րազ­մին պայ­թու­մէն տա­րի մը ետք, որոշ յս­տա­կա­ցում­ներ կան, սա­կայն շատ բան կը մնայ անյս­տակ (եւ բա­ցո­րոշ է, որ իշ­խա­նա­ւոր խմ­բա­կը ամէն ճիգ կ’ընէ որոշ իրա­կա­նու­թիւն­ներ քո­ղարկ­եալ պա­հե­լու հա­մար), իշ­խա­նու­թիւնը կը յա­մա­ռի ան­շե­ղօ­րէն յա­ռաջ տա­նիլ զի­ջու­մի, ի հար­կին նոր կո­րուստ­ներ ու­նե­նա­լով վար­քա­գի­ծը (չենք ան­տե­սեր դուր­սէն կա­տար­ուած որոշ թե­լադ­րանք­նե­րը, իսկ «դր­սե­ցի»նե­րը բազ­մա­թիւ կող­մեր են), հոգ չէ թէ այդ գի­ծին մէջ իրո­ղա­պէս մնա­ցած է միայ­նակ, ինչ­պէս որ… միայ­նակ կը կա­տա­րէ ան­կա­խու­թեան հան­դի­սու­թիւնն ու Եռաբ­լուր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը:
…Այս բո­լո­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան ժո­ղո­վուր­դի աչ­քե­րուն առ­ջեւ: Կը մնայ, որ այս իշ­խա­նու­թեան քուէ տուած ժո­ղո­վուր­դը սկ­սի հարց տալ եւ շու­տա­փոյթ պա­տաս­խան­ներ գտ­նել, թէ ինք այս իշ­խա­նու­թեան «ման­տաթ տուաւ», որ­պէս­զի ան, սկ­սե­լու հա­մար՝ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն վերջ­նա­կան կնի՞ք դնէ Ար­ցախի կըր­ճատ­ուած պատ­կե­րին, «խորհր­դա­յին քար­տէզնե­րու հի­մամբ» Հա­յաս­տա­նէն հո­ղե՞ր նուի­րէ Ատր­պէյ­ճա­նին, ըստ էու­թեան սպա­սար­կէ Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շա­հե­րո՞ւն, յե­տոյ՝ շա­րու­նա­կէ աչ­քե­րը փա՞կ պա­հել Հա­յաս­տա­նի ան­մի­ջա­կան շր­ջա­պա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ (չխօ­սինք աւե­լի հե­ռու­նե­րու մա­սին), բա­րե­կամ դա­սուող­նե­րու հետ նօս­րա­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աւե­լի՞ եւս քայ­քա­յէ, օրի­նակ՝ այ­լա­պէս բա­րե­կամ նկա­տուող, բայց իր ծա­նօթ կա­պե­րով՝ Վրաս­տա­նի ճամ­բով նր­բանցք­նե՞ր բա­նայ Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ, երբ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին բո­լոր պար­տա­մուր­հակ­նե­րը կը մնան բաց, ստա­ցած են այն­պի­սի՛ հրա­տա­պու­թիւն, որ կը սքո­ղեն նոյն­ինքն Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ ճի­տին ծան­րա­ցող նախ­կին պար­տա­մուր­հակ­նե­րը, սկ­սե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ու փոկ­րո­մէն…:
Վե­րա­կանգ­նե­լի եւ նոր զար­գա­ցում սպա­սող բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու ցան­կը կա­րե­լի է եր­կա­րել, սկ­սե­լով Ռուս­իա­յէն ու Իրա­նէն, ան­ցնե­լով արա­բա­կան եր­կիր­նե­րէն ու հաս­նե­լով մին­չեւ իսկ բա­րե­կա­մու­թիւն խա­ղա­ցող, սա­կայն Թուրք­իոյ երդ­ու­եալ դաշ­նա­կից­նե­րը հան­դի­սա­ցող այլ եր­կիր­նե­րէ, առանց ան­տե­սե­լու Ան­գա­րա­յի նկատ­մամբ վե­րա­պա­հու­թիւն ու­նե­ցող հի­ներն ու նո­րե­րը:
Այս ընե­լու հա­մար, ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան է վերջ տալ այ­լան­դակ «բազ­մա­ձայ­նու­թեան» եւ դուրս գալ կա­մա­ւոր կու­րու­թե­նէ (խօս­քը իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն հա­մա­կիր­նե­րուն կ’եր­թայ):   Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հիմ­նա­կան շա­հե­րը, անց­եա­լի եւ նո­րա­գոյն պար­տա­մուր­հակ­նե­րուն հե­տապն­դու­մը նման բազ­մա­ձայ­նու­թե­նէ շահ չեն կր­նար ապա­հո­վել: Նոյն­քան հրա­մա­յա­կան է որ­դեգ­րու­մը ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՄԻ­ԱՑ­ԵԱԼ եւ ՀԱ­ՄԱ­ՊԱՐ­ՓԱԿ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, հա­յու­թեան պատ­կա­նող բո­լոր հո­ղե­րուն, մեր բո­լոր իրա­ւունք­նե­րուն իրա­կանաց­ման ձգ­տող ԾՐԱ­ԳԻ­ՐԻ մը, որուն շուրջ պէտք է մի­ա­նան բո­լոր ձեռ­քե­րը, կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու մի­ջոց­նե­րը: Նման մի­ա­ձայ­նու­թիւն չի նշա­նա­կեր հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, ազա­տու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նա­փա­կում կամ իս­կա­կան բազ­մա­կար­ծու­թեան ոտ­նա­կո­խում, որով­հե­տեւ բազ­մա­թիւ են­թաու­ղի­ներ ու­նե­ցող ճամ­բան մէկ է եւ կը հար­կադ­րէ մի­աս­նու­թիւն՝ ձա­խո­ղած ըլ­լա­լը փաս­տած իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն փո­խընտ­րան­քին բիւ­րե­ղա­ցու­մով:
Ս. Մահսերէճեան