Ծա­նօթ էի Վա­հէ Պէր­պէր­եա­ն դե­րա­սա­նին եւ ար­ուես­տա­գէ­տին, բայց ծա­նօթ չէի գրո­ղին:
Բախ­տի բեր­մամբ ձեռքս ան­ցաւ անոր «Յա­նուն Հօր Եւ Որդ­ւոյ» գիր­քը: Մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ սկ­սայ կար­դալ եւ յա­ջո­ղե­ցայ մէկ օր­ուան մէջ աւար­տել զայն: Գիր­քը հօր մը եւ անոր զաւ­կին մի­ջեւ ծա­ւա­լած վի­ճա­բա­նու­թիւնը չէր միայն, այլ այդ վի­ճա­բա­նութ­եան սրու­մը ամե­րի­կա­ցի աղջ­կան մը,- ան­կոչ հիւ­րի մը,- յայտն­ուե­լով, ինչ որ կ’ար­տա­ցո­լէր հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քի պա­կա­սը զաւ­կին կեան­քին մէջ: Պատ­մու­թիւնը կը սկ­սի հե­րո­սին՝ Հրայ­րին, այս խօս­քե­րով՝ «Ամէն պատ­մու­թիւն իր աւար­տը ու­նի եւ ամէն աւարտ՝ իր պատ­մու­թիւնը: Ասի­կա աւար­տի մը պատ­մու­թիւնն է»: Խօսք մը, որ ան­մի­ջա­պէս պատ­մու­թեան կը կա­պէ ըն­թեր­ցո­ղը:
Գիր­քին լե­զուն պարզ ու ան­մի­ջա­կան է, որ մի­եւ­նոյն ատեն կը մնայ որակ­եալ բար­ձուն­քի մը վրայ:
Վէ­պը ամ­բող­ջու­թեամբ  գրի առն­ուած է Հրայ­րին տե­սան­կիւ­նէն եւ իւ­րա­քան­չիւր ըն­թեր­ցող կր­նայ ինք­զինք գտ­նել Հրայ­րին մէջ: Հրայր գի­տակ­ցա­բար սխա­լե­լուն անուն տուած է՝ լար­քել, ան շատ յա­ճախ կը լար­քէ եւ լար­քած վայրկ­եա­նին իսկ կը զղ­ջայ։ Մի­թէ՞ մենք եւս շատ յա­ճախ չենք լար­քեր։ Վէ­պին մէջ առ­կայ են դէ­պի անց­եալ ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ, որոնք ա՛լ աւե­լի կը շար­ժեն ըն­թեր­ցո­ղին հե­տաքրք­րու­թիւնը եւ կ’ար­դա­րաց­նեն ներ­կայ դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քը։ Ինք­նա­տիպ, հա­մար­ձակ եւ ըն­թեր­ցո­ղին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ձգող վէպ մըն է։ Այո՛, դէպ­քե­րը կը կա­տար­ուին ԱՄՆ-ի մէջ, բայց Հրայ­րին հո­գե­կան տագ­նա­պը կր­նայ հա­րա­զատ ըլ­լալ իւ­րա­քան­չիւ­րիս։
Վեհան Պարսումեան