Կար ու չկար, հեռաւոր գիւղ մը կար, որուն բոլոր բնակողներուն հասակը յիսուն սմ.-ի չէր հասներ: Այդ գիւղին անունն էր «գաճաճներու գիւղ»:
Օր մըն ալ երբ ճամբորդ մը կ’այցելէ գիւղը, կը զարմանայ այս երեւոյթէն: Երկար պրպտումներէ յետոյ երեւան կու գայ, որ քանի մը հարիւր տարի առաջ, կախարդ մը անիծած է գիւղը ըսելով. «Բոլոր անոնք, որոնք կը բամբասեն, իրենց հասակէն պիտի կորսնցնեն երկու սմ.»:
Եթէ նման անէծք գայ հալէպահայութեան գլխուն, կը կարծեմ, որ բոլորին հասակը գետնին տակ կ’անցնի…:
Էլէնա Աւագեան