Ման­կու­թեան օրե­րուս շատ լսած եմ մեր մե­ծե­րուն կող­մէ ըս­ուած այս ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Եր­բեմն մե­ղադ­րան­քի շեշ­տով, եր­բեմն խրա­տի ոճով եւ յա­ճախ աղօթ­քի ձե­ւով ըս­ուած է. «Աստ­ուած խելք-շնորհք տայ» հա­ճե­լի մաղ­թանք-աղօթ­քը եւ զգաս­տու­թեան հրա­ւի­րող յի­շե­ցում-անդ­րա­դար­ձը: Չեմ գի­տէր թէ ո՞վ է այս ընդ­հան­րա­ցած եւ ժո­ղովր­դա­յին ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած ասաց­ուած­քին հե­ղի­նա­կը: Հի­նե­րէն եկած եւ մե­զի փո­խանց­ուած շատ մը շա­հե­կան խօս­քեր՝ իմաս­տու­թեամբ ապ­րող եւ սոր­վեց­նե­լու ատակ եղող մար­դոց կը պար­տինք, որոնք տպա­ւո­րիչ եւ դաստ­իա­րա­կիչ խոր­հուրդ­նե­րուն թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցան: Երբ կը մտա­բե­րեմ ման­կու­թեանս օրե­րը, որոշ դէմ­քեր աչ­քիս առ­ջեւ կը տո­ղան­ցեն: Անոնց­մէ է լու­սա­հո­գի Տէր Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Քի­րազ­եա­նը, որ եր­կար տա­րի­ներ ջեր­մե­ռանդ հոգի­ով ծա­ռա­յեց Հա­լէ­պի Ս.Գէ­որգ եկե­ղեց­ւոյ մէջ: Որ­պէս տա­նե­րէց յա­ճախ մե­րին­նե­րուն կ’այ­ցե­լէր: Մեծ հօրս մօ­տէն կը ճանչ­նար: Հո­գե­հա­րա­զատ իր ներ­կա­յու­թիւնը ցան­կա­լի էր մե­զի հա­մար: Իր հա­ղոր­դա­կան նկա­րա­գի­րով, հրեշ­տա­կա­յին ձայ­նով եւ հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թեամբ կր­ցած էր շա­հիլ իր ծխա­յին­նե­րուն խոր յար­գանքն ու հա­լէ­պա­հու­թեան հա­մակ­րան­քը: Ան օր մը Ս.Ծննդ­եան տօ­նին առի­թով մե­զի այ­ցի եկաւ: Նախ­քան տնօրհ­նէք կա­տա­րե­լը զիս հար­ցուց՝ «Աստ­ուած ի՞նչ կու տայ»: Հա­զիւ եօթ տա­րե­կան էի: Չկր­ցայ պա­տաս­խա­նել: Ին­ծի հա­մար նո­րու­թիւն էր այս հար­ցու­մը: Հա­նե­լուկ մը, որ մտ­քի կա­րո­ղու­թե­նէս վեր էր: Տէր Գա­րե­գին մեղմ ժպի­տով ըսաւ.«Տղաս, Աստ­ուած խելք եւ շնորհք կու տայ»: Բա­ցատ­րեց, թէ Աստ­ուած բա­րի է եւ Իր սէ­րէն մղ­ուած մե­զի շնորհք կու տայ, որ­պէս­զի օրի­նա­կե­լի վարք ու բար­քով ըլ­լանք հնա­զանդ մեր ծնող­քին: Ապա թե­լադ­րեց որ ետ կրկ­նեմ իր ըսա­ծը: Հե­տաքրք­րա­կան այս խօս­քը դրոշմ­ուած մնաց մտ­քիս մէջ:
Հոս փա­կա­գիծ բա­նա­լով կ’ու­զեմ ամ­փոփ կեր­պով խօ­սիլ տէր հօր մա­սին: Տնե­ցի­նե­րով կ’ու­զէ­ինք վա­յե­լել իր խան­դա­վա­ռող ներ­կա­յու­թիւնը եւ լսել աղօ­թա­բոյր մաղ­թանք­նե­րը: Իր գա­լուս­տը մշ­տա­պէս  խրա­խու­սիչ էր… տօ­նա­կան օրե­րը հա­մով եւ հո­տով դի­մա­ւո­րե­լու «գաղ­տինք»ը ու­նէր «Ամե­նայն Հա­յոց Տէր Գա­րե­գի­նը» (Այդ­պէս կ’ըսէ­ին շա­տեր): Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ իր իւ­րա­յա­տուկ ձայ­նը, որ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն հոգ­ւոյն խոր­քը կը թա­փան­ցէր եւ խոց­ուած սիր­տե­րը կը սփո­փէր: Ամիս­ներ վերջ, Ս.Յա­րու­թեան տօ­նին առի­թով դարձ­եալ քա­հա­նան ժա­մա­նեց: Սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լութ­եամբ հիւ­րըն­կալ­ուե­ցաւ: Մենք հա­մոզ­ուած էինք, թէ տնօրհ­նէ­քով ան­մասն պի­տի չմ­նանք Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան յու­սա­բեր եւ յաղ­թա­բեր աւե­տի­սէն: Տնե­ցի­նե­րը գո­հու­նակ սիր­տով կը ստա­նա­յին օրհ­նան­քը: Այդ պա­հուն եր­կիւ­ղած մթ­նո­լոր­տով աղօթ­քի կը հե­տե­ւէ­ին. մէկ­դի կը ձգ­է­ին ու­րիշ զբա­ղում­ներ: Տէր հայ­րը ու­նէր ըն­կե­րակ­ցող դպիր մը՝ որ­պէս օգ­նա­կան: Նախ­քան աղօ­թե­լը զիս հար­ցուց.«Տղաս, Աստ­ուած ի՞նչ կու տայ»: Առանց ձգձ­գու­մի շու­տով պա­տաս­խա­նե­ցի.«Աստ­ուած խելք-շնորհք կու տայ»: Տէր Գա­րե­գի­նը «Շատ ապ­րիս» ըսե­լով բա­րո­յա­կան բա­րե­նիշ մը տուաւ ին­ծի: Ու­րախ էի: Անդ­րա­դար­ձայ, թէ «Խելք-շնորհք»ը կա­րե­ւո­ր է, մեր տա­նե­րէ­ցին ար­տա­յայ­տու­թեան եղա­նա­կէն եւ խօ­սե­լու ոճէն հասկ­ցայ թէ այ­լեւս «Խելք-շնորհք»ի դա­սը եր­բեք պէտք չէ մոռ­նամ: Տա­րի­ներ շա­րու­նակ, ամէն ան­գամ երբ քա­հա­նայ հայ­րը մե­զի այ­ցե­լէր, առանց վա­րա­նե­լու զիս կը հարց­նէր «Խելք-շնորհք»ին մա­սին: Հի­մա ար­դէն երե­սուն տա­րի­ներ ան­ցան, բայց եր­բեք մտա­հան չե­ղաւ սո­վո­րու­թեան վե­րած­ուած կարճ երկ­խօ­սու­թիւնը: Մենք սո­վո­րա­բար կը մտա­ծենք մեր չու­նե­ցած­նե­րուն մա­սին: Ուս­տի կը գան­գա­տինք եւ մեր ան­ձին հետ չենք հաշտ­ուիր: Աւե­լին՝ Տի­րոջ նկատ­մամբ տր­տունջք կ’ու­նե­նանք, բան մը, որ մե­ծա­գոյն ար­գելք­նե­րէն է սր­տա­բուխ աղօթք­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րուն: Յա­ճախ կը կար­ծենք, թէ սնան­կա­ցած ենք բա­րու­թե­նէն, օտա­րա­ցած՝ շնորհք­նե­րէն եւ հե­ռա­ցած՝ օրհ­նու­թիւն­նե­րէն…:
Իրա­կա­նու­թեան մէջ եթէ հա­ւատ­քով ըն­թա­նանք պի­տի տես­նենք, թէ Աստ­ուած խելք եւ շնորհք առա­տա­պէս տուած է, այն­քան ատեն որ տա­կա­ւին լա­ւը ընտ­րե­լու, բարի­ին կառ­չե­լու, պի­տա­նին բա­ժին ու­նե­նա­լու, ժա­մա­նա­կը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ գե­ղե­ցի­կը գո­վե­լու պա­տե­հու­թիւն եւ ոս­կի առի­թը կայ:
«Խելք եւ շնորհք». եր­կու երկ­նա­յին դրա­մագ­լուխ­ներ, բա­ցա­ռիկ յատ­կու­թիւն­ներ, եզա­կի ար­ժէք­ներ եւ մար­դը վեհ պա­հե­լու պատ­ուաստ­ներ, որոնց ճամ­բով մար­դը հե­տա­մուտ կ’ըլ­լայ ար­դա­րու­թեան, կողմ­նա­կի­ցը՝ ճշ­մար­տու­թեան, ար­ձա­գան­գը՝ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, յու­շա­րա­րը՝ խղ­ճի մաք­րու­թեան, խօս­նա­կը՝ օրի­նա­պա­հու­թեան, օրի­նա­կը՝ բա­րու­թեան եւ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ վա­յել­չու­թեան: Խելք. այ­սինքն՝ իմաս­տու­թեան ճա­ռա­գայ­թող ազ­դե­ցու­թիւնը, իսկ շնորհ­քով ապ­րի­լը կ’են­թադ­րէ Աս­տու­ծոյ տուած պար­գեւ­նե­րուն նկատ­մամբ ար­թուն վե­րա­կա­ցու­թիւն եւ հա­ւա­տա­րիմ տն­տե­սու­թիւն:
Նե­ղա­ցու­ցիչ կը թուէր «Աստ­ուած խելք-շնորհք տայ» ըսե­լա­ձե­ւը, բայց հի­մա կը զգանք, թէ կա­րի­քը ու­նինք անոնց…: Չա­փա­հա­սութ­եան տա­րի­քին եւ կեան­քի որոշ փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ աւե­լի յս­տակ տե­սանք «Խելք-շնոր­հքին» տեղն ու դե­րը:
Խել­քը խո­հե­մու­թեամբ ապ­րե­լու ար­ուես­տին բա­նա­լին է, իսկ շնորհ­քը մտ­քի պայ­ծա­ռու­թեան, հոգիի վե­հու­թեան եւ սր­տի անբ­ծու­թեան հրա­ւի­րող ճա­նա­պարհն է, որ­մէ անց­նո­ղը պի­տի քա­լէ դէ­պի Աստ­ուած եւ ան­մա­հու­թիւն: Աստ­ուած խելք եւ շնորհք տայ… քան­զի ու­նայն աշ­խար­հէն միայն խել­քի եկող­նե­րը եւ շնորհ­քին յե­նող­նե­րը ար­ժա­նի պի­տի ըլ­լան կոչ­ուե­լու փր­կու­թեան ժա­ռան­գորդ­ներ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան