«Արմէնփրէս».- Ռուսական պատուիրակութիւնը չէ մասնակցած ԵԽԽՎ-ի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մարդասիրութեան հետեւանքներու մասին» բանաձեւի քուէարկութեան, որ ընդունուած էր 27 Սեպտեմբերին: Այդ մասին ճեպազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւ` պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպիսին է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ապառազմականացած գօտիի ստեղծման առնչութեամբ Ռուսիոյ դիրքորոշումը, որ ներառուած է բանաձեւին մէջ:

«Փաստաթուղթի քննարկումի ընթացքին ԵԽԽՎ ռուսական պատուիրակութեան դիմած էին թէ՛ հայ, թէ՛ ատրպէյճանցի գործընկերները: Նկատի առնելով Ռուսիոյ միջնորդական դերը` ԵԽԽՎ-ի մէջ մեր պատուիրակութիւնը չէ մասնակցած փաստաթուղթի քուէարկութեան, որուն դրոյթները ի սկզբանէ հակասութիւններ կ’առաջացնէին կողմերու միջեւ: Մենք բազմիցս ընդգծած ենք, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին բաժիններու մէջ միջադէպերու հարցի կայուն ու երկարաժամկէտ լուծումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովի ստեղծումն է, որուն կը յաջորդէ սահմանագծումը ամբողջ երկայնքով: Մոսկուան ձեւակերպած ու առաջարկներ  ներկայացուցած է Երեւանին եւ Պաքուին` համապատասխան բանակցային գործընթացի մեկնարկի ապահովման համար: Կ’ակնկալենք գործընկերներու արձագանգը», ըսաւ ան: