ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը որո­շեց կարճ շր­ջա­նի մը հա­մար դադ­րեց­նել ֆութ­պո­լի Ա-մա­կար­դա­կի ախոյ­եա­նու­թիւնը, հա­ւա­քա­կա­նին Տու­պա­յի մէջ ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւաք ու­նե­նա­լուն պատ­ճա­ռով:
 – Լա­թաք­իոյ Թշ­րին ակում­բի ֆութ­պո­լի կազ­մէն 11 խա­ղա­ցող­ներ վա­րակ­ուած են պսա­կա­ձեւ ժահ­րով:
– Սուր­իոյ մար­զա­կան գե­րա­գոյն գրա­սեն­եա­կը նշա­նա­կեց Հա­լէ­պի Հուրիէ ակում­բի նոր վար­չու­թիւնը նախ­կին իրա­ւա­րար Նի­զար Ուա­թէի գլ­խաւ­որու­թեամբ:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ԳԱՌՆԻԿ ՉՈԼԱՔԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ֆին­լան­տա­յի Ռո­վանիէ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծան­րա­մար­տի Եւ­րո­պա­յի պա­տա­նի­նե­րու եւ մին­չեւ 23 տա­րե­կան­նե­րու առաջ­նու­թիւն­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նը նուա­ճեց ոս­կի մե­տալ: Հա­յաս­տա­նի ծան­րորդ­նե­րէն առա­ջի­նը մր­ցա­հար­թակ դուրս եկաւ 55 քկ. ծան­րու­թեան կար­գի ծան­րորդ Գառ­նիկ Չո­լաք­եա­նը: Պա­տա­նի­նե­րու առաջ­նութ­եան ան եր­կա­մար­տի 230 (100+130) քկ. ար­դիւն­քով գրա­ւեց առա­ջին դիր­քը եւ հռ­չակ­ուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ախոյ­եան: Գառ­նիկ Չո­լաք­եան ոս­կի մե­տալ նուա­ճեց նա­եւ հրու­մի վար­ժու­թեան: Մր­ցա­նա­կա­յին 2-րդ տե­ղը գրա­ւեց չեխ­ Ֆրան­տի­շէկ Պո­լա­կը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՌՈՆԱԼՏ ՔՕՈՒՄԱՆ ՊԱՏԺՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹՈՎ
Սպան­իոյ ֆութ­պո­լի Մր­ցա­շար­քի յանձ­նա­խում­բը եր­կու շա­բա­թով կա­խա­կա­յած է քա­թա­լոն­էա­կան ակում­բի գլ­խա­ւոր մար­զիչ, հո­լան­տա­ցի Ռո­նալտ Քօու­ման, Քա­տէշ խում­բին դէմ տե­ղի ու­նե­ցած մր­ցու­մին, կար­միր քար­թով դաշ­տէն դուրս գա­լու հա­մար: Յանձ­նա­խում­բը իր պա­տի­ժը որո­շեց ըստ սպան­իոյ ֆութ­պո­լի կա­նո­նագ­րի 120-րդ յօդ­ուա­ծին, եւ այդ պատ­ճա­ռով հո­լան­տա­ցի մաս­նա­գէ­տը ներ­կայ պի­տի չգտն­ուի կազ­մին նս­տա­րան­նե­րուն վրայ Լի­վանթիի եւ Աթ­լե­թի­քօ Մատ­րի­տի հան­դի­պում­նե­րուն: Յի­շենք, որ Պար­սե­լո­նա­յի վար­չա­կազ­մը մտա­հոգ է խում­բի ար­դիւնք­նե­րէն եւ ան մտա­դիր է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել մար­զի­չը:
ՏՕՆՆԱՌՈՒՄՄԱՆ ԴԺԳՈՀ Է ԱԿՈՒՄԲԷՆ
Ֆրան­սա­յի Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նի իտա­լա­ցի դար­պա­սա­պահ Ժի­անլ­ուիկի Տօ­ննա­ռո­ւմման իր դժ­գո­հու­թիւնը յայտ­նեց խում­բին մէջ իր վի­ճա­կին հա­մար. Տօ­ննա­ռո­ւմման ըսաւ . «ես կը ս­պա­սէի գրա­ւել խում­բի գլ­խա­ւոր դար­պա­սա­պա­հի դիր­քը, բայց մինչ օրս Նա­վաս կը վա­րէ այս պաշ­տօ­նը. եթէ պի­տի շա­րու­նակ­ուի այս ըն­թաց­քը ես ակում­բի պա­տաս­խա­նատուներէն պի­տի խնդ­րեմ լքել կազ­մը»: Նշենք, թէ Տօ­ննա­ռո­ւմման ամառ­նա­յին փո­խադ­րաշր­ջա­նին մի­ա­ցաւ Սան Ժեր­մա­նին. նա­խա­պէս ան մաս կը կազ­մէր Մի­լա­նին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ