Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Իրան-Սուր­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մէ­կէ աւե­լի փոր­ձա­քա­րե­րէ ան­ցան: Տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ արեւմտ­եան մի­ջամ­տու­թիւն­ներն ու թր­քա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը կը մի­տէ­ին Սուր­իա-Իրան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ սեպ խրել, Իրա­նի ազ­դե­ցու­թիւնն ու բա­րիդ­րաց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տկա­րաց­նել, փո­խա­րէ­նը թր­քա­կան ծա­ւա­լա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան են­թա­հող պատ­րաս­տել եւ Սուր­իոյ տա­րած­քին թր­քա­կան տն­տե­սա­քա­ղա­քա­կան լծակ­նե­րը բազ­մա­պատ­կել՝ այս­պի­սով դէ­պի սուր­ի­ա­կան տա­րածք­ներ դուռ բա­նա­լով նա­եւ արեւ­մուտ­քին եւ Իս­րա­յէ­լին դի­մաց:
Բնա­կա­նա­բար այս ծրագ­րին մէջ իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նէր նա­եւ Իս­րա­յէ­լը, որ կը մի­տէր ամէն ջանք ի գործ դնել տկա­րաց­նե­լու Իրա­նը, Մի­ջերկ­րա­կա­նին մէջ ռազ­մա­կան հա­կա­ի­րան­եան ու­ժեր կու­տա­կե­լով եւ Իրան-Սուր­իա-Լի­բա­նան առանց­քը ան­գոր­ծու­թեան մատ­նե­լու տա­րո­ղու­նակ փոր­ձե­րով:
Նման դա­ւադ­րու­թեան իրա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին Սուր­իոյ տագ­նա­պին լու­ծու­մը ոչ միայն պի­տի եր­կա­րաձգ­ուէր, այ­լեւ եր­կի­րը պի­տի մաս­նատ­ուէր ու վե­րած­ուէր թր­քա­կան եւ իս­րա­յէլ­եան ախոր­ժակ­նե­րու դի­մաց ան­պաշտ­պան տա­րած­քի, ինչ որ իր աւե­րիչ ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի ու­նե­նար ողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին վրայ:
Սուր­ի­ան պայ­քա­րե­ցաւ այս ծրագ­րին դէմ ե՛ւ իր շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լով, ե՛ւ Իրա­նի հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ամուր պա­հե­լով:
Այ­սօր նման վի­ճակ կը տի­րէ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին: Իրան-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան հիմք ու­նին: Եր­կու եր­կիր­նե­րուն փոխ­կա­պակց­ուած անվ­տան­գու­թիւնը ամուր պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նին դէմ յան­դի­ման կը գտն­ուին Իրա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը:
Այս կա­ցու­թեան մէջ ո՛չ Թուրք­իոյ, ո՛չ Ատր­պէյ­ճա­նի խոս­տում­նե­րուն տուն տա­լու պատ­ճառ ու­նի Հա­յաս­տա­նը: Թուրք­ի­ան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը մէ­կէ աւե­լի ան­գամ­ներ փաս­տե­ցին, որ առիթ չեն խնա­յեր Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րուն նկատ­մամբ իրենց ախոր­ժակ­նե­րուն յա­գուրդ տա­լու, կամ նուա­զա­գոյ­նը Հա­յաս­տա­նը տն­տե­սա­պէս իրենց­մէ կախ­եալ պա­հե­լով մշ­տա­կան ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լու անոր վրայ  եւ հա­մա­պա­տաս­խան զի­ջում­ներ խլե­լու ամէն պա­տեհ առի­թի:
Հա­յաս­տան – Իրան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րագ­րումն ու փո­խա­դարձ շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը կը ծա­ռա­յեն եր­կու եր­կիր­նե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէ՛ս:
Ար­ցա­խի մեծ մա­սին կո­րուս­տով ան­գամ մը եւս շեշտ­ուե­ցաւ, որ Ար­ցա­խի ան­կախ գո­յու­թիւնը տա­րա­ծաշր­ջա­նի հար­ցե­րու սրու­մը կան­խող ազ­դակ էր ու պէտք էր ամէն գնով պաշտ­պա­նել այդ ան­կա­խու­թիւնը ո՛չ միայն յա­նուն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:
Այ­սօր այդ անվ­տան­գու­թիւնը խարխ­լած է: Հա­յաս­տանն ու Իրա­նը կոչ­ուած են այ­լընտ­րան­քա­յին լու­ծում­նե­րով կո­րուստ­նե­րու տա­րո­ղու­թիւնը նուա­զա­գոյ­նի հասց­նե­լու ու սան­ձե­լու ատր­պէյ­ճա­նաթր­քա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նկր­տում­նե­րը: