Համազգայինի «Լ.Շանթ » Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած գիրերու գիւտին եւ Սրբոց թարգմանչաց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, երեկոյեան ժամը 8:00_ին:
Ձեռնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ժողովուրդի հոյլ մը:
Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան։
Ան ըսաւ.«Համազգայինը իր գործունէութեամբ և ճիգերու լարումով յառաջ կը տանի մշակոյթի պահպանման իր առաքելութիւնը և զայն կը փոխանցէ նորահաս սերունդներուն՝ առկայծ պահելով անոնց մէջ հայկական մշակոյթին սէրը, որուն կենդանի արտայայտութիւնն է մեր նախաձեռնած ասմունքի դասընթացքը»։ Ապա խօսելով ասմունքի արուեստին մասին ըսաւ, որ ասմունքի արուեստը եւս մաս կը կազմէ հայ մշակոյթին, որուն ընդմէջէն կը ծանօթանանք գրականութեան մէկ սեռին՝ բանաստեղծութեան, դիտել տալիվ, որ հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն ՝ հայրենասիրական եւ քնարական ապրումներով հարուստ ընտրանի մը պիտի հրամցնեն մեր սիրելի երիտասարդները:
Ասմունքի դասընթացքի մասնակիցները, որոնք մէկուկէս ամսուան տեւողութեան աչալրջութեամբ հետեւեցան ուսուցչուհիներուն կողմէ տրուած ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն, մի առ մի ներկայացուցին իրենց սորված ոտանաւորները՝ իւրայատուկ ոճով, զգայացունց ու տպաւորիչ առոգանութեամբ։ Անոնք պատկերաւոր արտայայտութիւններով ներկաները փոխադրեցին դէպի հայոց լեռնաշխարհ։ Ներկաները հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ապրեցան, երբ անոնց մեղրածոր շրթներէն հնչեցին քնարական և դիւցազներգական ազգայնաշունչ քերթուածները՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» , Յովհաննէս Շիրազի «Հանճարեղ Խելագարը» , Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» , Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին», Վահան Թէքէեանի «Հայ Լեզու» եւ «Քո Յիշատակը Այս Գիշեր» եւ ի վերջոյ Ժագ Յակոբեանի « Խօսէ՜ Հայերէն» բանաստեղծութիւնները, որոնք ցնծութեամբ համակեցին ներկաներուն հոգիները:
Երիտասարդները մերթ ընդ մերթ ընթերցումներու ընդմէջէն ներկայացուցին բանաստեղծներու կենսագրական եւ գրական արժէքները, նաեւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն դրուագներ ընթերցեցին ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ:
Այնուհետեւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց Սոնա Քիւրտեան, որ համապարփակ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրերու գիւտին կարեւորութիւնը, որպէս հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման հիմնաքար ու ըսաւ. «Ս.Մեսրոպ խոր հաւատքով եւ տքնութեամբ հրաշակերտեց հայ ժողովուրդի գոյատեւման անսասան հիմնաքարը՝ հայոց լեզուի երկաթեայ 36 նշանագիրերը, դառնալով իրաւամբ՝ Հայ դարերու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ անխորտակելի եւ շողարձակ…»:
Ան անդրադառնալով համաշխարհայնացման համահարթեցման միտող քանդիչ քաղաքականութեան, որ կը սպառնայ ոչնչացնել ազգային ինքնորոյն դիմագիծ եւ մշակոյթ ըսաւ.« համաշխահայնացման յորձանուտին մէջ, սփիւռքի մեր ազգային կառոյցները նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն ճիգերու մէկտեղումով կարելի կը դառնայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ պահպանել մեր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը, ընտանիք -դպրոց -միութիւն, որոնք իրարու շաղկապուած օղակներ են, կը ծառայեն մայրենի լեզուին եւ ազգային մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին. հետեւաբար, մշակոյթն է մարդուն ինքնութիւնը կերտողը, ազգի մը ինքնութիւնը սահմանողը։ Ուրեմն հայ ժողովուրդի աւիշն ու շունչը ՝ հայ մշակոյթն է, երբ չկայ հայկական մշակոյթ, չկայ հայկական կեանք, չկայ հայ»:
Ձերնարկի աւարտին վարչութիւնը փոքր յուշանուէրներով պարգեւատրեց ասմունքի դասընթացքի մասնակիցները եւ դասատուները:
Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասընթացքի երիտասարդներուն, դասատուներուն՝ տիկ. Նորա Պալեանին եւ տիկ. Սոնա Քիւրտեանին, որոնք հայկական մշակոյթին եւ ասմունքին սէրը արթնցուցին նոր սերունդին մօտ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին շահեկան դասախօսութեան համար։
Ներկաները Թարգմանչաց ոգիով եւ շունչով լիցքաւորուած վերադարձան իրենց տուները:
Սոնա Անտրեան