Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2021-ին, RT arabic հաղորդեց, որ Դամասկոսի Կարմիր Մահիկ հիւանդանոցէն ներս պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներուն յատուկ մեկուսացման կեդրոնը 100% ամբողջացած է սարքերով։ Սուրիական Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցի ընդհանուր խորհուրդի տնօրէն Միշէլ Սալլում յայտնեց, որ մեկուսացման կեդրոնին մէջ կը գտնուի 19 անկողին, 4 շնչառութեան գործիք եւ բաւարար դեղորայք։ Սալլում աւելցուց, որ պսակաձեւ ժահրի 4-րդ ալիքը Սուրիա խուժեց Օգոստոս ամսուան կիսուն եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Ան շեշտեց պատուաստ ստանալու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ վարակուած պարագաներու թիւի նուազումին։ Յիշենք, որ Սեպտեմբեր ամսուն, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը շուրջ 200 առողջապահական կեդրոն տրամադրեց՝ ժողովուրդին պսակաձեւ ժահրին յատուկ պատուաստը տրամադրելու համար։