20 Հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան ընդունած է ՀՀ-ի Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպերքինը:

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակին առնչուող  շարք մը հարցեր եւ ընդգծել այդ գործընթացներուն մէջ Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը: Իշխան Սաղաթէլեան իր մտահոգութիւնը փոխանցած է ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի կողմէն` ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ իրականացուող յարձակումին մասին:

Կողմերը անդրդարձած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան, Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման` ներկայացնելով նաեւ հարցերու լուծման իրենց դիրքորոշումները:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը առանձնայատուկ շնորհակալութիւն  յայտնած է հայ ռազմագերիներու վերադարձի գործին մէջ ռուսական կողմի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար: Երկուստէք կարեւոր  է հհամարոած է հայ ռազմագերիները անյապաղ հայրենիք վերադարձնելու հարցը: Հանդիպումի աւարտին կողմերը ընդգծած են միջխորհրդարանական եւ միջկուսակցական յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը: