Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­եւն ու Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նը ար­ցախ­եան 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռ­նագ­րաւ­ուած Վա­րան­դա­յի (Ֆի­զու­լի) մէջ մաս­նակ­ցած են մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նի բաց­ման արա­րո­ղու­թեան:
Այս առու­մով կա­տար­ուած թր­քա­կան տե­ղե­կաsուա­կան ար­տահnսքը nւնէր որnշ նպատակ:  Ըստ «Ինթըր­ֆաքս»ի, Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը Վա­րան­դա­յի մէջ յայ­տա­րա­րած է, որ  «Ներ­կա­յիս  Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար պայ­ման­նե­րը բա­րեն­պաստ են աւե­լի քան եր­բեք»: Որուն ընդմէջէն, հայ-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նը շաղ­կա­պած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ հար­ցե­րուն հետ: «Անհ­րա­ժեշտ է ձեռ­նար­կել քայ­լե­րու, որոնք կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ստեղծ­ուած նոր իրադ­րու­թեան: Մենք կողմ ենք կա­յուն խա­ղա­ղու­թեան ու բազ­մա­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման, բայց անոր հա­մար անհ­րա­ժեշտ է որո­շել պե­տա­կան սահ­ման­նե­րը եւ փո­խա­դար­ձա­բար ճանչ­նալ զա­նոնք: Այս իրո­ղու­թեան վրայ պէտք է  հիմն­ուին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Այ­դօ­րի­նակ հար­ցե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նին անհ­րա­ժեշտ է քա­ղա­քա­կան կամք՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար: Եւ եթէ Հա­յաս­տան ան­կեղծ կամք ցու­ցա­բե­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գծով, Թուրք­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար ոչ մէկ խո­չըն­դոտ կը մնայ», ըսած է Էր­տո­ղան Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին հետ Վա­րան­դա­յի մէջ կազ­մա­կերպ­ուած մի­ա­տեղ ասու­լի­սի ըն­թաց­քին: Էր­տո­ղան աւել­ցու­ցած է, որ Հա­յաս­տա­նի, Իրա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րէն անց­նող մե­քե­նա­նե­րու ճամ­բա­ներն  ու եր­կա­թու­ղա­գի­ծե­րը տն­տե­սա­կան ու առեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն ոչ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի ու Թուրք­իոյ, այ­լեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­մար:
Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը յս­տակ նա­խա­պայ­ման­նե­րով սկ­սած է խօ­սիլ, յու­սա­լով որ հայ­կա­կան կող­մը կուլ կու տայ տն­տե­սա­կան շա­հե­րու պատր­ուա­կով Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ սահ­ման­նե­րը ճանչ­նա­լու ծու­ղա­կը:
Վեր­լու­ծա­բան­ներ կը հաս­տա­տեն, որ Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Մոսկ­ուա­յի ու Կար­սի դաշ­նա­գիր­նե­րուն օրի­նա­կա­նու­թիւնը ապա­հո­վե­լու եւ Հա­յաս­տա­նը մղե­լու պատ­մա­կան, հո­ղա­յին իր իրա­ւունք­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու: