Պոլսոյ մէջ կեանքի կոչուած է արբանեակային երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) կայան մը՝ «Լոյս TV» անունով։ Ան արդէն ունեցած էր նախափորձի շրջան մը համացանցի վրայ եւ այժմ իր հաղորդումները կը սփռէ «Թիւրքսաթ» արբանեակին միջոցաւ։ «Լոյս TV» Թուրքիոյ առաջին հայկական պատկերասփիւռի կայանն է, որ իր հաղորդումները պիտի սփռէ երկլեզու դրութեամբ։