ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 27-29 Հոկտեմբերին իր հերթական այցելութիւնը կատարած է Արցախ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր այցելութեան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ ժողովներ ունեցած է։ Այցելութեան առաջին օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովի ներկայացուած ընդդիմադիր «Արդարութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական» կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Այցելութեան երկրորդ օրուան սկիզբը հանդիպում տեղի ունեցած է ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի հետ: Իսկ օրուան մնացած մասը յագեցած է ՀՅԴ կազմակերպական միաւորներու եւ շարքերու հետ հանդիպումներով եւ ժողովներով: Նախ տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Վարչութեան հետ, ապա գումարուած ժողով` ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ: Օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի ընկերական ընդլայնուած ժողով` շրջաններէն Ստեփանակերտ ժամանած ընկերներուն եւ ներկայ ու նախկին պատասխանատու մարմիններուն հետ: Այցելութեան ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին նախագահներ Արկատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ: