«Երկիր».-Արցախի մէջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ պատկերասփիւռային դրամահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը կ’ուղղուի Արցախի զարգացման ու շէնացման: «Կանգնէ՛ Արցախի Կողքին». այս կարգախօսով Արցախ իր շուրջը համախմբուելու կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան: Դրամահաւաքը կազմակերպուած է Արցախի «Բարձր Ճարտարագիտական եւ Ռազմավարական Ծրագրաւորման Կեդրոն» հիմնադրամին կողմէն: