Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Օմանի Սուլթանութեան փոխվարչապետ Ֆահտ պըն Մահմուտ ալ Սաաիտ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Հասան Ղապպաշի հետ խորհրդակցեցաւ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն շուրջ, յատկապէս առողջապահութեան ոլորտին մէջ։ Օմանեան լրատու գործակալութիւն մը յիշեց, որ Օմանի Սուլթանութեան մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցած սոյն հանդիպումին ընթացքին ալ Սաաիտ ողջոյններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։ Իր կարգին, Ղապպաշ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի ողջոյնները փոխանցեց Սուլթան Հայսամ պըն Թարէքի, յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը զարգացման նոր փուլ կը նուաճէ։ Հանդիպումի ընթացքին Ղապպաշ ներկայացուց պսակաձեւ ժահրի համավարակի դիմակայման գծով Սուրիոյ օգտագործած միջոցները, ապա փափաք յայտնեց այս առումով Օմանի հետ գործակցելու։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, Ղապպաշ երախտագիտութիւն յայտնեց Օմանի Սուլթանութեան՝ Սուրիոյ զօրավիգ կանգնելուն համար։