Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է 9 Նոյեմբեր 2020_ին եռակողմ յայտարարութեան մասին, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․ «Մէկ տարի առաջ՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդական գործուն ջանքերուն շնորհիւ ստորագրուած է Ռուսիոյ նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահի եռակողմ յայտարարութիւնը։ Ան թոյլ տուած է վերջ դնել Թուրքիոյ, միջազգային վարձկաններուն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկիչներու ուղղակի ռազմական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ զինեալ յարձակումին, ինչպէս նաեւ հիմք հանդիսացած է Արցախի տարածք Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի մուտքին համար՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղութեան պահպանման նպատակով։ Եռակողմ յայտարարութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Արցախի Հանրապետութեան հետպատերզմեան վերականգնումի պայմաններու ապահովման համար։ 44-օրեայ աւերիչ յարձակումին հետեւանքով Ատրպէյճան բռնագրաւած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու զգալի մասը՝ պատմամշակութային կեդրոն Շուշի քաղաքը։ Մարտական գործողութիւններու ընթացքին ատրպէյճանական բանակը բազմաթիւ զինուորական յանցագործութիւններ կատարած է քաղաքացիական տուեալներու դիտաւորեալ թիրախաւորում, ռազմագերիներու եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերու խոշտանգումներ եւ արտադատական սպանութիւններ, ցեղային զտումներ, պատմամշակութային յուշարձաններու եւ եկեղեցիներու դիտաւորեալ աւերում եւ ոչ ընտրողական բնոյթի զէնքի կիրառումով բնակավայրերու թիրախաւորում, որ արգիլուած է միջազգային իրաւունքով։ Նոյնիսկ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն վերջ Ատրպէյճան չդադրեցաւ միջազգայնօրէն ապօրինի գործողութիւնները, մասնաւորապէս, շարունակեց յարձակումը, յարձակողական գործողութիւնները, զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձերու գերեվարումը, դիտաւորեալ սպանութիւններու իրականացումը, եկեղեցիներու եւ, ընդհանրապէս, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը բռնագրաւեալ տարածքներու մէջ։ Այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Ատրպէյճանի կողմէն զինուորական ուժի ապօրինի կիրառման, սեփական միջազգային պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտումին, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու ձեւաչափերու համակարգուած եւ զանգուածային ոտնահարումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը կարելի չէ հիմք հանդիսանալ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Յայտնի է, որ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը կ’արգիլեն ճանչնալու ուժի սպառնալիքի կամ ուժի կիրառման արդյունք հանդիսացող ցանկացած տարածքային նուաճում։ Աւելին, ուժի կիրառումը կարելի չէ չեղեալ յամարել միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկը՝ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնն ու ինքնորոշումը, որն ամրագրուած է ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան մէջ եւ այլ հիմնարար միջազգային փաստաթուղթերու մէջ։ Պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումն ու Արցախի ժողովուրդի կամքը անփոփոխ են։ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանկ մէջ կայուն ու տեւական խաղաղության հաստատման անկիւնաքարը Արցախի ժողովուրդի կողմէն իւրացուած ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի ճանաչումն է եւ այն տարածքներու վերատիրացումը, որոնց վրայ արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է, ստեղծել անկախ պետականութիւն եւ զարգացուցած է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։