“Երկիր”._Ուքրանիոյ մէջ, ատրպէյճանական «Վերլուծական Տեղեկատուական Հարթակ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Քրիւօ Ռոգ քաղաքին մէջ 44-օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանի «յաղթանակի» առնչութեամբ գովազդային վահանակ տեղադրուած է «8 Նոյեմբերը՝ Ատրպէյճանի փառապանծ յաղթանակի օր», «Ղարաբաղը Ատչպէյճան է» կարգախօսներով, ինչպէս նաեւ «երկաթէ բռունցքի» եւ Շուշիի մէջ աճող ծաղիկի պատկերներով։ Միւս վահանակին մէջ, որ տեղադրուած է մայրաքաղաք Քիեւի մէջ, պատկերուած է Ուքրանիան` Տոնպասով եւ Ղրիմով, եւ Ատրպէյճանը` Արցախով: Արցախի 75 տոկոսի բռնագրաւումին նուիրուած վահանակին վրայ գրուած է «Տոնպասն ու Ղրիմը Ուքրանիա են» եւ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»: Ուշագրաւ է, որ Տոնպասի եւ Ղրիմի հարցը Արցախեան հարցին հետ ընկերային ցանցերու վրայ են պատմականօրէն ո՛չ Ղրիմը, ո՛չ ալ Արցախը չեն պատկանիր, համապատասխանաբար ,Ուքրանիոյ եւ Ատրպէյճանին. երկու տարածքները Ուքրանիոյ եւ Ատչպ՝յճանին անցած են ԽՍՀՄ սխալ որոշումներու հետեւանքով: Իսկ ռուսաբնակ Տոնպասի պարագային, ուր զինուորական գործողութիւններ կը ծաւալէին, հանրաքուէի հետեւանքով անկախացած էր: Սակայն այստեղ պէտք է նշել, որ, ի տարբերութիւն Արցախի, որ անկախացած էր ԽՍՀՄ-էն եւ ոչ Ատրպէյճանէն, Տոնպասը առանձնացած է անկախ Ուքրանիակէն։ Գովազդային վահանակը փակցուած է 15 օրով`1 Նոյեմբերէն մինչեւ15։ Նման իրավիճակի մէջ հարց կը յառաջանայ՝ արդեօ՞ք ՀՀ ԱԳՆ-ը որեւէ բողոքի գիր յղած է Ուքրանիոյ, կամ արդեօ՞ք Ուքրանիոյ դեսպանը կանչուած է ՀՀ ԱԳՆ` պարզաբանումներ տալու: Եւ վերջապէս գլխաւոր հարցը՝ արդեօ՞ք կակ պետութիւն, որ կրնակ նման ձեւով արձագանգել եւ հետամուտ ըլլալ նման միջադէպերու կանխումին: Դատելով ՀՀ ԱԳՆ-ի անողնաշար գործելաոճը, երբ չեն արձագանգեր Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն եկող հակահայկական յայտարարութիւններուն եւ մեղադրանքներուն, ՀՀ «դաշնակիցներուն» և այլ պետութիւններուն՝ Ատրպէյճանի «յաղթանակը» շնորհաւորելուն կամ կ’արձագանգեն ուշացած, օրինակ՝ թշնամիին յանձնուած Շուշի քաղաք շարք մը երկիրներու դեսպաններու այցելութեան ընթացքին, կարելի է ենթադրել, որ ԱԳՆ-ը դարձած է արարողակարգային գերատեսչութիւն, որ կը զբաղի պաշտօնական հարցերով: