ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց հա­ւա­քա­կա­նը ժա­մա­նեց Յոր­դա­նան՝ մաս­նակ­ցե­լու Աս­իոյ Բ. մա­կար­դա­կի մր­ցա­շար­քին: Հա­ւա­քա­կա­նին մաս կը կազ­մեն եր­կու հայ մար­զիկ­ներ՝ ՀՄԸՄ-ի նախ­կին մար­զիկ, «Սաու­րա» խում­բի խմ­բա­պետ Ալիս­իա Մա­կար­եան եւ ՀԵԸ-ի խա­ղա­ցող Ան­նա Աս­լան­եան:
– Նախ­քան Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց հա­ւա­քա­կա­նին մեկ­նի­լը, կազ­մի մար­զիչ Ապ­տալ­լա Քա­մու­նէ ան­յայտ պատ­ճա­ռով իր հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց: Զինք փո­խա­րի­նեց իր օգ­նա­կա­նը՝ Սո­մար Խու­րի:
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի երի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը Պահ­րէյ­նի ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քին բա­րե­կա­մա­կան մր­ցու­մի մը աւար­տին 3-2 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ հիւ­րըն­կալ կազ­մԷն:
 – Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի «ճապ­լէ» ակում­բի դար­պա­սա­պահ Իպ­րա­հիմ ալ Մանր պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը ստո­րագ­րեց պարս­կա­կան «Ֆո­լազ» ակում­բին հետ: Ան նոր կազ­մին պի­տի մի­ա­նայ  հա­ւա­քա­կա­նի մր­ցում­նե­րէն ետք:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱն
ԱՐ­ՍԷՆ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ԵԱՆ՝ ԸՄԲ­ՇԱ­ՄԱՐ­ՏԻ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ Մ-23 ԱԽՈՅ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի ազատ ոճի ըմ­բիշ Ար­սէն Յա­րու­թիւն­եան աշ­խար­հի ըմբ­շա­մար­տի մին­չեւ 23 տա­րե­կա­նի ախոյ­եա­նու­թեան գրա­ւեց առա­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նը եւ նուա­ճեց ոս­կի մե­տալ: 61 քկ. ծան­րու­թիւն ու­նե­ցող հայ  մար­զի­կը եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­պու­մին բա­ւա­կան դի­տար­ժան պայ­քա­րով յաղ­թեց ռուս Ար­թուր Չե­փո­տա­յե­ւին 11-7 ար­դիւն­քով: Այս­պի­սով, ան հռ­չակ­ուե­ցաւ Մ-23 տա­րե­կան­նե­րու աշ­խար­հի ախոյ­եան:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՎԵՑ ՀԱ­ՅՈՒ­ՀԻ­ՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԻՆ ԱՍ­ԻՈՅ
ՊԱՍ­ՔԵ­ԹԻ ԱՂՋ­ԿԱՆՑ ՄՐ­ՑԱ­ՇԱՐ­ՔԻՆ
 Յոր­դա­նա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պաս­քե­թի աղջ­կանց Բ. մա­կար­դա­կի մր­ցում­նե­րու մաս­նա­կից հա­ւա­քա­կան­նե­րուն մաս կը կազ­մեն վեց հա­յու­հի­ներ:
Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նէն՝ Ալիս­իա Մա­կար­եան եւ Ան­նա Աս­լան­եան, Լի­բա­նա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն՝ Մեղ­րի Թո­րոս­եան եւ Նա­րի­նէ Կոքճ­եան, իսկ Իրա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն՝ Անա­հիտ Խո­տա­վերտ­եան: Որ­պէս իրա­ւա­րար Եա­նա Նի­կո­ղոս­եան կը ներ­կա­յաց­նէ Խա­զախս­տա­նը:
ՉԱ­ՎԻ ՆՇԱ­ՆԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՊԱՐ­ՍԵ­ԼՈ­ՆԱ­ՅԻ ՄԱՐ­ԶԻՉ
Շա­բաթ օր Պար­սե­լո­նա­յի վար­չա­կազ­մը պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ խում­բին նո­րան­շա­նակ մար­զիչն է կազ­մի նախ­կին խա­ղա­ցող Չա­վի Հեր­նան­տէ­զը, որ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ստանձ­նած էր Քա­թա­րի «Էլ­սատ» ակում­բի մար­զի­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը:  Յի­շենք, որ այս տա­րեշր­ջա­նին քա­թա­լո­ն­է­ա­կան ակում­բը ձա­խող ար­դիւնք­նե­րով հան­դէս եկաւ, որուն պատ­ճա­ռով ալ վեր­ջերս վարչութիւնը պաշ­տօ­նա­զուրկ ըրաւ հո­լան­տա­ցի իր մաս­նա­գէտ մար­զի­չը՝ Ռո­լան Քու­ման:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ