“Հայրենիք”._Արցախի 44-օրեայ պատերազմին առաջին տարելիցին առթիւ, 8_9 Նոյեմբերին, սփիւռքահայ բոլոր գաղութներէն ներս երիտասարդութիւնը քայլարշաւներով, բողոքի ցոյցերով եւ հաւաքներով իր ցասումն ու զայևոյթը յայտնեց Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան, իր կիրարկած թրքամէտ քաղաքականութեան պատճառաւ։ Արեւելեան ԱՄՆ-ի երեք քաղաքներու մէջ կեդրոնացան ցոյցերը՝ Ուաշինկթընի Հ․Հ․ դեսպանատուն, Նիւ Եորքի ՄԱԿ_ի մօտ ՀՀ դեսպանատուն եւ Շիքակոյի հիւպատոսարանի մօտ։ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, տեղեկացուցած էր, թէ կը պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը, նշելով զանազան լուրջ պատճառներ, որոնց կարգին յատկապէս ղեկավարութեան որդեգրած ապազգային ընթացքը` միակողմանի զիջումներով, կարծեցեալ խաղաղութեան մը հասնելու ակնկալութեամբ։ Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը հարցականի տակ կը դրուի, փոխարէն Պաքու շարունակ, քմահաճ պայմաններ կը պարտադրէ իսկ ցեղասպան Թուրքիան ալ բարի դրացնութեան ձեռք կ՛երկարէ։ Նիւ Եորքի մէջ կատարուած հաւաքին, խօսք առին երիտասարդականներ։ ՀԵԴ-ի Նիւ Եորքի «Հայորդիք» մասնաճիւղէն Միմի Պիճիմենեան յայտնեց, թէ Փաշինեանի ղեկավարութիւնը երկիրը կը տանի դէպի անդունդ։ «Գիտակցելով Սիւնիքի եւ Արցախի կորուստի վտանգներուն, իբրեւ երիտասարդներ հայորդիներ հաւաքուած ենք հո՛ս` մեր բողոքի ձա՛յնը բարձրացնելու»։ Մանհաթընի «Մուշ» մասնաճիւղի անդամ Ալեք Սողոմոնեան իր կարգին խօսք առնելով նշեց, թէ պէտք չէ տեղի տալ եւ ընկրկիլ։ «Պիտի շարունակենք դիմադրել եւ չզիջիլ Պաքուի եւ Անգարայի կատարած նկրտումներուն դիմաց», ըսաւ ան։ Նիւ Ճըրզիի «Արսէն» մասնաճիւղէն Նայիրի Գաբրիէլեան շեշտեց, թէ վարչապետ Փաշինեանի «Իմ Քայլ» շարժումւ ինքնագլուխ գործելով վատթարացուցած է կացութիւնը։ «Հայրենիքի գոյութիւնը վտանգող եւ ապագան վճռող հարցերը պէտք է քննարկել եւ լուծել համազգային խորհրդակցութեամբ եւ ոչ գաղտնաբար: Անպայման պէտք է արգիլել պարտուողական եւ յանձնուողական համաձայնագրի ստորագրութիւնը»: Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կատարուած ցոյցին բացման խօսքը կատարեց Քրիսթին Աթանասեան, որ նշեց, թէ վտանգուած է Հայաստանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը։ Ապա անգլերէնով խօսք առին Արենի Մարկոսեան եւ Սօսի Պուրուճեան (մանրամասնութիւնները՝ անգլերէն բաժին)։ Իսկ հայերէնով օրուան խօսքը փոխանցեց Կալի Չագմագճեանը շեշտելով, թէ հայ երիտասարդութիւնը կը մերժէ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան վարած պառակտող եւ պետականակործան քաղաքականութիւնը։ Ստորեւ, Կալի Չագմագճեանի խօսքը յապաւումով․- Յարգելի Հայրենակիցներ, Սիրելի Ընկերներ, Մէկ տարի առաջ այս օրերուն Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն դաժան եւ ամօթալի օրերը։ Մեր սերունդը տեսաւ 44-օրուայ ծրագրուած պատերազմը: Մեր քաջ տղաքը քաջաբար դիմադրեցին դաժան թշնամիներուն դէմ։ Դժբախտաբար այս բոլորը բաւարար չեղաւ, որ պահենք մեր դարաւոր Արցախը, որովհետեւ ներքին դաւաճան թշնամին հազարաւոր նահատակներու արեան գնով պատրաստ էր ծախել մեր սուրբ հողաշերտը։ Եւ մէկ տարի առաջ, այս օր ճիշդ, հողատու Նիկոլը, հայ Ժողովուրդէն գաղտնի պահելով ամենադոյզն տեղեկութիւնը, ստորագրեց այդ սեւ պայմանագիրը։ Մեր կորուստները հետեւեալներն են.- աւելի քան հինգ հազար նահատակներ, աւելի քան տաս հազար վիրաւոր, հարիւրաւոր ռազմագերիներ՝ որոնք ցայսօր կը տանջուին Ալիեւի բանտերուն մէջ։ Հարիւր հազարաւոր արցախցիներ թափառական եւ անտուն մնացին: Այսպէս, Արցախի 75 տոկոսը կորսնցուցած էինք: Եւ մղձաւանջը կը շարունակուի։ Այս կառավարութեան սխալներուն արդիւնք, մինչեւ այսօր թշնամին կը շարունակէ խլել տարածքներ ու զոհեր։ Այսօր թուրքը մտած է Հայաստան։ Եւ այս պահուն կարեւոր է նշել, թուրանական ծրագրի ամէնակարեւոր նպատակներէն մէկը՝ «Սիւնիքի միջանցք»-ը, որ կը կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին։ Անշուշտ, տեղին է նշել, որ եթէ պարտադրուած սահմաններու ճշգրտման ծրագիրը իրականացուի, մենք պաշտօնապէս պիտի կորսնցնենք Արցախի Հայկական կարգավիճակը եւ մեր ձեռքով պիտի թաղենք հայ ազգի ապագան։ Մենք կը մերժենք այս բոլորը։ Այսօր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հաւաքուած է ցոյցի, աշխարհի չորս կողմը, միասնութեամբ պայքարելու Հայաստանի թրքացման դէմ եւ դէմ՝ դաւաճան իշխանութեան։ Մենք չենք ընդունիր Արցախի ուռացումը։ Մենք չենք ընդունիր Հայկական հողերու յանձնումը։ Կը պահանջենք անմիջապէս մեր ռազմագերիներու ազատ արձակումը առանց պայմանի։ Պիտի պայքարինք, պիտի դիմադրենք, մինչեւ բոլոր դաւաճաններու հեռացումը՝ իշխանութենէն։