Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ Սուրիոյ մէջ տնտեսական իրավիճակը բարդ է, ժողովուրդին եկամուտը երբեք չի համապատասխաներ ծախսերուն, մարդիկ դժուարութեամբ կ՚ապահովեն իրենց առօրեայ կարիքները, սակայն կառավարութիւնը մօտօրէն լուծում պիտի գտնէ այս հարցին եւ պիտի շարունակէ աջակցութիւն տրամադրել ժողովուրդին, յատկապէս կարիքաւոր պարագաներուն։ Ան յայտնեց, որ 2022-էն սկսեալ կառավարութիւնը ոչ֊կարիքաւոր մարդոց 25%-ին աջակցութիւնը պիտի դադրեցնէ, աւելցնելով, որ իրականութեան մէջ տոկոսը աւելի բարձր է, սակայն պիտի բաւարարուինք այս տոկոսով։ Սուրիական դպրոցներուն մէջ աշակերտութեան անվճառ ուսանելուն գծով, վարչապետ Արնուս ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ աշակերտութեան մեծամասնութիւնը անվճառ ուսում կը ստանայ, իսկ համալսարաններուն կրթաթոշակը չնչին է։ Այս մէկը կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ դպրոցական եւ համալսարանական աշակերտներուն աջակցութիւն տրամադրել։