ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Արժանթին բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան 24 Նոյեմբերին հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիանոյ Վերկարայի հետ: Ողջունելով դեսպանը` Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր համարած է Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ խորհրդարանական կապերու զարգացումը, նորաստեղծ բարեկամական խումբերու համագործակցութեան խորացումը, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ: «Հակառակ երկու երկիրներու միջեւ առկայ մեծ հեռաւորութեան` Հայաստանն ու Արժանթինը շարք մը ոլորտներու մէջ գործակցութեան լայն կարելիութիւն ունին` յատկապէս նկատի առնելով Արժանթինի մեծաթիւ հայ համայնքի առկայութիւնը», ընդգծած է ԱԺ փոխնախագահը: Ան կարեւոր համարած է յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ գործակցութեան զարգացումը` անհրաժեշտ համարելով գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ արժանթինական փորձին կիրառումը: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի յետպատերազմեան իրավիճակին: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը` կարեւոր համարելով այդ հարցով բարեկամ եւ գործընկեր երկիրներու աջակցութիւնը Հայաստանին: Դեսպանը յայտնած է, որ Արժանթինը` որպէս Հայաստանի բարեկամ երկիր, մշտապէս հայ ժողովուրդին կողքին է: Դեսպանը նոյնպէս ընդգծած է բարեկամական խումբերու հետ սերտ գործակցութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը եւ փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը: Մարիանոյ Վերկարա հաստատած է, որ Արժանթին եւ Հայաստան երկար տարիներու եղբայրական ու բարեկամական սերտ կապեր ունին, եւ շարք մը ոլորտներու մէջ գործակցութեան մեծ ներուժ կայ: