Չո­րեք­շաբ­թի, 17 Նո­յեմ­բեր 2021-ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:30-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կլի­մա­յի Փո­փո­խութ­եան Հար­ցը» նիւ­թին շուրջ ՍՕ Խա­չի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պած դա­սա­խօ­սու­թիւնը, ՍՕ Խա­չի ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի «Գ.Հա­մալ­եան» սրա­հէն ներս:
Սօ­սի Փի­լաւճ­եան բաց­ման խօս­քով անդ­րա­դար­ձաւ ՀՕՄ-ի լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէ­ու­թեան, դի­տել տա­լով, որ ան մարդ­կու­թիւնը յու­զող հար­ցե­րու շուրջ իր դրա­կան ներդ­րու­մը բե­րե­լու չէ զլա­ցած: Ապա օր­ուան նիւ­թին անդ­րա­դառ­նա­լով յայտ­նեց, որ երկ­րա­գուն­դի ջեր­մաս­տի­ճա­նի փո­փո­խու­թիւնը ազ­դած է մարդ­կու­թեան վրայ, հե­տե­ւա­բար մարդ­կու­թիւնը դժ­բախ­տու­թեան առաջ­նոր­դող հիւան­դու­թիւն­ներ, պա­տե­րազմ­ներ եւ բնա­կան աղէտ­ներ կը յա­ռա­ջա­նան: Ապա ան հրա­ւի­րեց օր­ուան դա­սա­խօ­սը՝ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նը, ներ­կա­յաց­նե­լու նիւ­թը:
Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց հե­տաքրքր­ուե­լու կլի­մա­յով, որ­պէս­զի առողջ մո­լո­րակ ու­նե­նանք, ապա յայտ­նեց, որ կ’ապ­րինք կլի­մա­յա­կան ճգ­նա­ժամ մը եւ պե­տու­թիւն­ներ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան այս օրա­կար­գին: Ան պար­զեց մարդ­կու­թեան աղէ­տա­լի վի­ճա­կը՝ աշ­խար­հը նմանց­նե­լով տան մը, որուն ապա­կա­նած մթ­նո­լոր­տէն կը գու­նա­տին բոյ­սեր, կեն­դա­նի­ներ եւ այլն, ինչ որ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ’ու­նե­նայ մո­լո­րա­կին վրայ: Ան դի­տել տուաւ, որ երկ­րա­գուն­դի ջեր­մաս­տի­ճա­նը կը բարձ­րա­նայ հա­մայն մարդ­կու­թեան աւե­րիչ գոր­ծե­րուն հե­տե­ւան­քով: Այս բո­լո­րին առաջ­քը առ­նե­լու սր­բա­զան հայ­րը հարկ հա­մա­րեց, որ մեծ պե­տու­թիւն­ներ աշ­խա­տանք տա­նին պահ­պա­նե­լու բնու­թիւնը, հե­տե­ւա­բար նա­եւ մարդ­կու­թիւնը փլու­զու­մէն:
Աստ­ուա­ծա­շուն­չը Բ.Օրի­նաց 30.15-ին մէջ մար­դուն առ­ջեւ կը դնէ կեանքն ու մա­հը եւ ընտ­րու­թիւնը մարդ­կու­թեան կը յանձ­նէ: Հա­ւա­նա­կան է, որ մար­դը ընտ­րէ կեան­քը, ու­րեմն այդ պա­րա­գա­յին պէտք է պաշտ­պա­նէ բնու­թիւնը, որ­պէս­զի պահ­պա­նէ կեան­քը: Մարդ­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է ապա­հո­վել ապա­գայ եւ առողջ մի­ջա­վայր յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար: Աստ­ուած կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց աշ­խար­հը եւ յանձ­նեց մար­դուն, որ­պէս­զի մշա­կէ ու խնա­մէ զայն, ոչ թէ շա­հա­գոր­ծէ իր բա­րի­քին հա­մար: Քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան լուրջ հար­ցեր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին, սա­կայն մեր հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան պարտքն է հրա­տապ այս հար­ցով մտա­հոգ­ուիլն ու լու­ծում­ներ առա­ջար­կե­լը: Ամէն բան Աս­տու­ծոյ կը պատ­կա­նի: Ան Տէրն է տի­ե­զեր­քին, սա­կայն գիտ­նա­կան­նե­րը ու­նին իրենց իւ­րա­յա­տուկ տե­ղը մար­դու մար­մի­նին բժշ­կու­թեան եւ հոգիի պահ­պա­նու­թեան բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րէն ներս: Աշ­խար­հը Աստ­ուած տուաւ մար­դուն ոչ թէ անոր տի­րու­թիւն ընե­լու բա­ցա­սա­կան հաս­կա­ցու­թեամբ, այլ՝ մշա­կե­լու եւ պա­հե­լու հա­մար, ինչ­պէս կը յիշ­ուի Ծնն­դոց 2.15-ին մէջ՝ «մշա­կէ՛ եւ պա­հէ՛»: Սա կը նշա­նա­կէ, որ ոչ միայն նիւ­թա­կա­նով՝ ար­տը, հո­ղը եւ գե­տի­նը հարկ է պաշտ­պա­նել, այ­լեւ՝ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Ըստ Սաղ­մոս 24-ին, եր­կի­րը մե­զի չի պատ­կա­նիր, այլ՝ մենք տն­տես­ներ ենք եւ կո­չումն ու­նինք պահ­պա­նե­լու զայն վտանգ­նե­րէն։ Յի­սուս աշ­խարհ եկաւ եւ յա­րա­բե­րե­ցաւ, շօ­շա­փեց, տե­սաւ, ապ­րե­ցաւ բնու­թեան մէջ՝ անա­պա­տին, ծո­վուն, լի­ճին ու լե­րան վրայ։ Հե­տե­ւա­բար եր­կի­րը իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ու­նե­ցաւ Յի­սու­սի գոր­ծին ըն­թաց­քին մէջ։ Աս­տու­ծոյ ծրա­գի­րը իրա­գործ­ուե­լու հա­մար աշ­խար­հը պէտք է պահ­պան­ուի, որով­հե­տեւ ան մի­ջոց է ուղղ­ուե­լու դէ­պի հո­գե­ւոր աշ­խարհ։ Մար­դուն եւ Աս­տու­ծոյ առա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խար­հի վրայ եւ Աստ­ուած աշ­խար­հը սի­րեց ու ամէն ինչ բա­րի եւ կա­տար­եալ էր։ Մենք ալ պէտք է սի­րենք աշ­խար­հը եւ հոգ տա­նինք անոր: Տաս­նա­բան­եա­յին մէջ կ’ըս­ուի. «սի­րե­ցէ՛ք զի­րար»: Միայն ան­ձեր չէ, որ պէտք է սի­րենք, այ­լեւ՝ բնու­թիւնը։ Տասն­ա­բան­եան նա­եւ կ’ըսէ՝ «մի՛ սպան­ներ», միայն մարդ սպան­նե­լէ զերծ մնալ չի թե­լադր­ուիր այս­տեղ, այ­լեւ՝ բնու­թիւնը քան­դե­լէ։
Ուս­տի, երբ չենք գոր­ծադ­րեր այս բո­լո­րը, մեղք գոր­ծած կ’ըլ­լանք Արա­րի­չին եւ իր տուած օրհ­նու­թիւն­նե­րուն դէմ», հաս­տա­տեց սր­բա­զան հայ­րը։
Ապա սր­բա­զան հայ­րը թուեց քայ­լեր, որոնց հարկ է հե­տե­ւիլ.
1- Մտա­հոգ­ուիլ այս օրա­կար­գով եւ ձայն բարձ­րաց­նել, բա­ցատ­րե­լու հա­մար ապա­գա­յի վտան­գը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով։
2- Այս նիւ­թին շուրջ լաւ իմա­ցու­թիւն եւ գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ։
3- Ինք­նա­շար­ժի գոր­ծա­ծու­թիւնը նուա­զեց­նել եւ փո­խա­րէ­նը հան­րա­կարգ օգ­տա­գոր­ծել։
4- Բոյս ու­տել եւ մսա­կե­րու­թիւնը նուա­զա­գոյ­նի իջեց­նել։
5- Արե­ւուն ջեր­մու­ժը օգ­տա­գոր­ծել՝ ապա­կա­նու­թիւնը նուա­զեց­նե­լու հա­մար։
Սր­բա­զա­նը խօս­քը եզ­րա­փա­կեց ըսե­լով. «Որ­քան արագ կ’ըն­թա­նայ կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան ըն­թաց­քը, նոյն­քան արա­գօ­րէն կր­նանք առաջ­քը առ­նել անոր՝ նուա­զեց­նե­լով պատ­ճառ­նե­րը: Ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րաց­ման պատ­ճա­ռը մարդն է, ուս­տի մար­դը պէտք է սա­տա­րէ անոր նուա­զեց­ման»։
Աւար­տին, յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Հու­րի Մա­ղաք­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց սր­բա­զան հօր այս օգ­տա­շատ նիւ­թի ներ­կա­յաց­ման հա­մար եւ յանձ­նա­խում­բին անու­նով յատ­կան­շա­կան յու­շան­ուէր մը նուի­րեց անոր:
Մարինա Պօզեաքալեան