Երեք­շաբ­թի, 23 Նո­յեմ­բեր 2021-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուր­իոյ մնա­յուն բա­նագ­նաց Պաս­սամ Սապ­պաղ ՄԱԿ-ի Ապա­հո­վա­կան Խոր­հուր­դին յար­կէն ներս «Փոքր եւ թե­թեւ զէն­քե­րու ապօ­րի­նի առեւ­տուր» խո­րա­գի­րով նիս­տին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ Սուր­իա կը շեշ­տէ ապօ­րի­նի զէն­քե­րու առեւ­տու­րը դադ­րեց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը եւ կը հա­ւա­տայ, որ ՄԱԿ-ի զէն­քե­րու Կան­խար­գիլ­ման Կազ­մա­կեր­պու­թիւնը կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի այս իմաս­տով։ Սապ­պաղ աւել­ցուց. «Սուր­իոյ տաս­նամ­եայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին կարգ մը պե­տու­թիւն­ներ զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն, յատ­կա­պէս ՏԱ­ՀԵՇ-ին եւ «Ճապ­հէթ ալ Նուս­րա»ին, զէնք տրա­մադ­րե­ցին,  որուն հե­տե­ւան­քով հա­զա­րա­ւոր սուր­ի­ա­ցի­ներ զոհ­ուե­ցան եւ եր­կի­րը ահա­ւոր քան­դու­մի են­թարկ­ուե­ցաւ»:
Սապ­պաղ եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ, որ զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն մօտ փոքր, թե­թեւ եւ այլ տե­սա­կի զէն­քե­րու գո­յու­թիւնը կը սպառ­նայ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թեան։