Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրդամէտ «ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական «Halk TV»-ի եթերով կոշտ քննադատութիւններ հնչեցուցած է Թուրքիոյ նախագահին եւ ընդդիմադիր կուսակցապետերուն հասցէին:
Փայլան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը նմանեցուցած է նացիստներու առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերին:
Անոր համաձայն, Թուրքիոյ նախագահին պաշտօնը պէտք է անպայման ժողովրդավարական արժէքներ դաւանող գործիչ մը զբաղեցնէ եւ պէտք չէ երկիրը յանձնել ֆաշիստներուն:
Ան իշխանութիւնները մեղադրած է տնտեսութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ թրքական ազգային արժոյթի՝ թրքական լիրայի աննախադէպ արժեզրկման հարցով վարած սխալ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան սխալներուն համար:
Փայլան գլխաւոր ընդդիմադիր քեմալական «ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն եւ ազգայնական «լաւ» (IYI) կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեները քննադատած է իշխանութիւններուն դէմ յստակ դիրքորոշում ունեցած չըլլալնուն եւ քրտամէտ կուսակցութեան մասին հակասական յայտարարութիւններով հանդէս եկած ըլլալնուն համար: