«Երկիր».-Ռուսիոյ նախագահ Փութին հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը:

«Շառլ Միշելի խնդրանքով, Փութին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու  իրականացման քայլերը ներառեալ խաղաղ կեանքի պայմաններու ստեղծումը, տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու վերականգնումը Հարաւային Կովկասի մէջ: Կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին 26 Նոյեմբերին  Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին քննարկուին այս հարցերը», ըսուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշուած է նաեւ, որ մանրամասնօրէն քննարկուած են  շարք մը  միջազգային, ժամանակակից հարցեր: