«Երկիր».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համարած է, որ «Զանգեզուրի երթեւեկային միջանցքը կը դառնայ իրականութիւն»:
«Այդ նոր երթեւեկային ենթակառուցուածքը կը դառնայ արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ միջանցքի կարեւոր մասը», յայտարարած է Ալիեւ` Աշխապատի Տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) անդամ երկիրներու առաջնորդներու 15-րդ գագաթնաժողովի եթոյթին ընթացքին : Ան համոզմունք յայտնած է, որ ՏՀԿ երկիրները կ’օգտուին Զանգեզուրի միջանցքի կարելիութիւններէն»:
Անոր խօսքին համաձայն, երկրի իշխանութիւնները կը կատարեն լայնածաւալ աշխատանքներ Ղարաբաղի «բռնագրաւուած» ու այսպէս կոչուած «արեւելեան Զանգեզուրի» տարածքները վերականգնելու ուղղութեամբ: «2021-ին այդ նպատակով պետպիւտճէէն» յատկացուած է 1,3 միլիար տոլար, 2022-ին պիտի յատկացուին առնուազն նոյնքան միջոցներ», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ Ղարաբաղն ու «արեւելեան Զանգեզուրը» յայտարարուած են «կանաչ ուժանիւթի» գօտիներ. այդ տարածքներուն մէջ արեւային ուժանիւթը կ’արժեւորուի 7200 մէկաուաթ, քամիի ուժանիւթը` 2000 մէկաուաթ: