29 Նոյեմբերին, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ընթացքին իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքը պատերազմէն վերջ անցնող մէկ տարուան ընթացքին, շատ երկիրներու մօտ ստեղծած է տրամադրութիւն, որ այդ հարցը իրենց շատ չի վերաբերիր, եթէ Հայաստան իր շահերը չի պաշտպաներ, մենք ինչու պէտք է պաշտպանենք: Ան յիշեցուց, որ 2009-ին, երբ ստորագրուեցան հայ-թրքական արձանագրութիւնները եւ օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեան կը շրջագայէր Սփիւռքի գաղթօջախներ, Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան շատերու ներկայութեամբ Սերժ Սարգսեանին ըսած էր. «Ձեզի ո՞վ իրաւունք տուած է մեր վաստկածը մսխելու»: «Այսօր մենք ստիպուած ենք որպէս Հայ Դատի յանձնախումբերու ցանց, ըսելու իշխանութիւններուն, որ դուք չէք կրնար, իրաւունք չունիք հարուածելու ոչ միայն մեր այսօրուան անվտանգութիւնը, այլեւ մեր վաղուան իրաւունքը: Այսօրուան մեր դժուարութիւններէն մէկն է, որ ՀՀ իշխանութիւններուն կեցուածքը եւ մեր կեցուածքը տարբեր են: Անոր համար մենք անհանգիստ ենք, որ Ուաշինկթընէն մինչեւ Գերմանիա դեսպաններ նշանակուած են մարդիկ, որոնք դիւանագիտական ասպարէզի մէջ փորձ չունին», ըսաւ Մանոյեան։ Ան նկատեց, որ եթէ մինչեւ վերջերս Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ պէտք է համոզէին մարդոց, որ եթէ չճանչնաք Արցախի անկախութիւնը, մարդոց կեանքի ֆիզիքական սպառնալիք կայ, հիմա արդէն համոզելու կարիք չկայ, Ատրպէյճան ամէն օր կ’ապացուցէ: «Հայ Դատի աշխատանքներուն համար կարեւոր է, որ այս իշխանութիւնները փոխուին, որովհետեւ պարզ է, որ իրենք իրենց քաղաքականութիւնը դէպի դրական փոխելու ոչ ունակութիւն ունին, ոչ ալ ցանկութիւն», ըսաւ ան։