Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Տնտեսութեան եւ Արտաքին Առեւտուրի Նախարարութիւնն ու Յորդանանի Արդիւնաբերութեան եւ Առեւտուրի Նախարարութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին սուրիական-յորդանանեան «Ազատ Շրջան»ի բացումը։ Կողմերը միացեալ հաղորդագրութեամբ յայտնեցին, որ «Ազատ Շրջան»ի վերաբացումը կը նպատակադրէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շարժումը վերաշխուժացնել եւ ներդրումային աշխատանքներ ներագրաւել, հետեւաբար աշխատանքի առիթներ ստեղծել, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Յորդանանի տնտեսութիւնը բարելաւել։ Յիշենք, որ «Ազատ Շրջան»ը հաստատուեցաւ Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան եւ առեւտրական փոխանակութեան համաձայնագրութեանլոյսին տակ։