Յետ պատերազմին, հոգին եւ միտքը խորտակող խաւարէն դէպի լոյս յառաջանալու ճամբուն էական է գրական երեկոներու կազմակերպումը համայնքի ազգային կեանքին մէջ: Իսկ եթէ այդ երեկոն նուիրուած ըլլայ մտաւորական ճիգ ու վաստակ կուտակած գրողի մը ծառայութեան յոբելեանին, բնականաբար հալէպահայերու պատկառելի ներկայութիւն մը կը զարդարէ այդ երեկոն՝ իր քաջալերական ներկայութեամբ:
  Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան մտայղացումով, մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,  Ուրբաթ 26 Նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Հուրի Ազէզեանի գրական ստեղծագործական 35-ամեայ վաստակին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի:
Դոկտ. Հուրիին մեծարելու եկած էին նաեւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Բերիոյ Թեմի քահանայից դասը, յոբելեար՝ դոկտ. Հուրի Ազէզեան, հալէպահայ մտաւորականներ, ազգային մարմիններու, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Բացման խօսքով Ժիրայր Կարապետեան լուսարձակի տակ առաւ դոկտ. Հուրի Ազէզեանի 35-ամեայ գրական ողջունելի ներդրումը՝ իր հեղինակային եւ թարգմանական 17 հատորներով:
Երեկոյթին հանդիսավարն էր Մելինէ Պէզճեան:
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս, գրող Լալա Միսկարեան-Մինասեան վերլուծական ոճով, մէջբերումներով լուսարձակի տակ առաւ դոկտ. Հուրի Ազէզեանի գրական-թարգմանական հմտութիւնը: Ան ներկայացուց «Գուցէ Համանուագ» ծաւալուն հատորը՝ յայտնելով, որ թարգմանչուհին արաբական հարուստ գրականութենէն թարգմանելով յատկապէս հայոց ծանր ճակատագրին ու ապա գերմարդկային ոգորումներուն մասին պատմող ստեղծագործութիւններ, ոչ միայն նպատակ հետապնդած է նպաստել երկու ժողովուրդներու փոխճանաչումին, այլեւ այս ձեւով իր յարգանքի բաժինը մատուցած՝ մեր յափշտակուած հայրենիքի, պղծուած սրբութիւններուն, անարգուած ու խողխողուած սերունդներու յիշատակին:
Դոկտ. Ահմէտ ալ Տրէյսի «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» գրքոյկը հանգամանօրէն ներկայացնելով, տիկին Լալան դիտել տուաւ, որ արաբ գրողը հայերուն լաւապէս ճանչցած ըլլալով եւ անոնց հանդէպ հիացում ունենալով՝ իր ժողովածուն վերնագրած է այս անուանումով: Ան յայտնեց, որ հատորին մէջ տեղ գտած տասնմէկ քերթուածներուն վերնագիրները ցոյց կու տան, թէ անոնք եղբայրական հոգիէ մը բխած են:
Հաճելի մատուցումով, հետաքրքրաշարժ ոճով  Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան ներկայացուց դոկտ. Հուրիին կրօնական գիրքերը՝ հինգ թարգմանական, մէկ խմբագրական եւ մէկ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածուած: Ան լուսարձակի տակ առաւ «Հայ Եկեղեցի» անգլերէնէ արաբերէն թարգմանութիւնը, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռնադրութեան 40-ամեակին եւ առաջնորդութեան 25-ամեակին նուիրուած «Բազմերախտ Հոգեւորականը եւ Առաջնորդը» գիրքերը, Ն.Ս. Շնուտա Գ. Պապի «Դարձ Առ Աստուած» եւ «Հոգեւոր Արթնութիւն» թարգմանութիւնները, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Հայաստանի Դարձը» արաբերէն թարգմանութիւնը, «Հաւատքի Առաքեալ» հատորի խմբագրութիւնը եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի «Սողոմոնի Առակներուն Մեկնութիւնը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, որոնց ընդմէջէն կ’արտացոլայ դոկտ. Հուրիին կիրակնօրեայ վարժարանէն եւ իր ընտանիքէն ստացած կրօնական-հայեցի դաստիարակութիւնը:
«Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան անդրադառնալով Հուրի Ազէզեան հրապարակագիրին, թարգմանիչին եւ պատմագէտին, գրողին իւրայատկութիւնները առանձնացուց, ապա օրինակներով թարգմանական գործին ու պատմական ուսումնասիրութիւններուն արժէքին անդրադարձաւ Հայ Դատի, Բերիոյ Հայոց Թեմի ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Ան յայտնեց, թէ դոկտ. Հուրին որպէս հրապարակագիր եղած է սկզբունքային, երբեմն իտէալական լուծումներու հաւատացող, սակայն միշտ թերութիւնները յանդգնութեամբ մատնանշող եւ սրբագրումի ուղիներ ցոյց տուող: Ազէզեանի խօսքը համոզիչ է, լեզուն հարուստ, ըստ կարիքի բառակերտումի յանդգնութիւնն իսկ ունեցող, իսկ ոճը՝ դիւրըմբռնելի: Ապա ան ներկայացուց յոբելեարին «Մտածումներու Արձագանգը» գիրքը, յայտնելով, որ Ազէզեան հրապարակագիրը ազգային արժէքներով տաքնալու ընդունակ ընտրանիի մը ներկայացուցիչն է եւ այդ տաքութիւնը կը ջանայ փոխանցել ընթերցողին, մանաւանդ երիտասարդ տարրին:
Անդրադառնալով դոկտ. Հուրիին թարգմանական աշխատութիւններուն, ան ներկայացուց Ռաֆայէլ Իշխանեանի «Հայերի Ծագումը եւ Հնագոյն Պատմութիւնը» գիրքին արաբերէնի թարգմանութիւնը, «Պատմական Համառօտ Ակնարկ Արաբական Երկիրներու Հայկական Գաղթօճախներու» արաբերէն հրատարակութիւնը, «Լռութեան Ոճիրը» անգլերէնէ արաբերէնի թարգմանութիւնը, «Սուրիոյ Քրիստոնէական Աւանդոյթները» արաբերէն հրատարակութիւնը, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ ալ Իմամի «Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ» հատորի արաբերէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը, Մայիս 2021-ին վերահրատարակուած «Չորս Տարիներ Մահիկին Տակ» արաբերէն գիրքը, որոնք կու գան շեշտելու թարգմանական աշխարհին դերը ժողովուրդներու իրազեկման մէջ:
Յոբելեար պատմագէտին անդրադառնալով, ան յայտնեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային ծառայութեան շրջագիծէն ներս ան յարգելի վաստակ ունեցած է Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ «Հասկ» հայագիտական հանդէսին մէջ լոյս տեսած «Դամասկոսի Հայ Գաղութին Մասին Համառօտ Ուրուագիծ» եւ «Բերիոյ Թեմը Եւ Իր Եկեղեցիները» պատմագիտական ուսումնասիրութիւններուն, «Տաթեւ» հայագիտական հանդէսի Ա. հատորին մէջ հրատարակուած «Հայերու Հնագոյն Ներկայութիւնը Սուրիոյ Մէջ» ուսումնասիրութեան, «Լրաբեր» հանդէսի 2008-ի եւ 2009-ի թիւերով լոյս տեսած «Հայերու Տեղաբաշխումը Սուրիոյ Մէջ Օսմանեան Տիրապետութեան Շրջանին» ուսումնասիրական յօդուածներուն, «Գանձասար» բացառիկի եւ արաբական գիտամշակութային պարբերականներու մէջ լոյս տեսած պատմական ուսումնասիրական յօդուածներուն, «Արաբական Զարթօնքը Եւ Հայ Գործիչները» հեղինակային պատմագիտական ուսումնասիրութեան, դիտել տալով, որ վերջինս ունի քննական բնոյթ, իսկ Ազէզեանի գրական, ուսումնասիրական արժանիքները համալրուած են ակադեմական ուսումնառութեամբ եւ լեզուներու տիրապետութեամբ:
Ձեռնարկի ընթացքին, պաստառի վրայ  մերթ ընդ մերթ յոբելեարին գրական վաստակն ու Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս իր տարած գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որ պատրաստուած էր յանձնախումբին կողմէ:
Գեղարուեստական յայտագիրով Սոնա Չալօղլեան «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» գիրքէն եւ Թամար Քէօշկէրեան «Մտածումներու Արձագանգը» հատորէն հատուածներ ընթերցեցին, ներկաները հաղորդակից դարձնելով դոկտ. Հուրիի իւրայատուկ ոճին եւ մտքերուն: Ապա, Կասիա Պաղտիկեան մեներգեց «Դու Իմ Մուսան Ես» երգը:
Հուսկ, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խորհրդանշական յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց դոկտ. Հուրի Ազէզեանը:
Յոբելեար դոկտ. Հուրի Ազէզեան այս առիթով իր երախտիքի խօսքը արտասանեց, որդիական շնորհակալութիւն յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Տիրոջ, վերապատուելի համայնքապետին: Որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդներ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանին եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին: Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ազգային իշխանութեան, Հալէպի Կիլիկեան կրթական հաստատութեան, Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրակազմին, զեկուցաբերներուն, յայտագիրը ներկայացնողներուն, գրչակիցներուն, դասընկերներուն, հարազատներուն, աշակերտներուն եւ յատկապէս իր շնորհալի ծնողներուն եւ ընտանիքի անդամներուն, որոնք զինք այս խորախորհուրդ ճամբուն առաջնորդեցին:
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի աշակերտները ծաղկեփունջով շնորհաւորեցին իրենց յոբելեար ուսուցիչը:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ մեծապէս գնահատեց դոկտ. Հուրի Ազէզեանին ջանասիրութիւնն ու գրական, թարգմանական, պատմագիտական բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս շեշտելով Բերիոյ Հայոց Թեմի պատմութեան ուսումնասիրման նուիրուած անոր աշխատանքը:
Ան ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց, յայտնելով, որ դոկտ. Հուրին ոչ միայն գրական հսկայ վաստակ ունեցած է, այլ ազգանուէր ծառայութիւն՝ սուրիահայութեան կեանքէն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ դոկտ. Հուրին իր ծնողներէն, եկեղեցիէն եւ համայնքէն ստացած շնորհքները՝ ծառայութեան ճամբով, գրիչով ու մեծ սիրով նուիրաբերեց իր համայնքին, ծաղկեցնելով իր շրջապատը:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, որպէսզի Ազէզեանի օրինակին հետեւելով սիրեն հայ գիրն ու գրականութիւնը, թարգմանը հանդիսանան՝ մեր պատմութեան ու մշակոյթին, եւ պաշտպանը՝ հայ դատին:
Սրբազան Հայրը գնահատեց Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը եւ գրական յանձնախումբը՝ այս եզակի երեկոն կազմակերպելուն առիթով: Ան գնահատեց օրուան զեկուցաբերները եւ յայտագիրի մասնակիցները, յատկապէս ողջունեց մեծաթիւ ներկաները, որոնք եկած էին յարգելու եւ պատուելու դոկտ. Հուրին՝ իր գրական բեղուն վաստակին եւ ծառայութեան համար:
Երեկոյթը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: